Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 145-ով, Բուժուածներունը՝ 327-ով, Գրանցուած Է Մահուան 8 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 145-ով, Բուժուածներունը՝ 327-ով, Գրանցուած Է Մահուան 8 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 145-ով՝ հասնելով 41 846-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 8 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Օգոստոս 18-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 327-ով եւ հասած 34982-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1067 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 186 661-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, հիւանդներուն ամենաերիտասարդը եղած է 65 տարեկան եւ ամենատարեցը՝ 91 տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 832-ի, եւս 245 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 5787 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment