Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԶԴ-ն Հաստատած Է Հայաստանին 2 Միլիոն Տոլարի Դրամաշնորհը

ԱԶԴ-ն Հաստատած Է Հայաստանին 2 Միլիոն Տոլարի Դրամաշնորհը

by MassisPost

Ասիական Զարգացման Դրամատունը (ԱԶԴ) հաստատած է 2 մլն տոլար կազմող դրամաշնորհը, Աղէտներուն արձագանգման ասիական-խաղաղովկիանոսեան հիմնադրամէն (ԱԱԱԽՀ/APDRF)՝ «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) համավարակի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու նպատակով։

Ճափոնի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող դրամաշնորհը կ’օգտագործուի տարրալուծող, ախտորոշիչ եւ հետազօտական կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով։ Միջոցները կ’օգնեն նաեւ ֆինանսաւորելու խիստ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներու եւ պարագաներու գնումը, բուժման կարողութիւնները բարելաւելու համար, անոնց կարգին է նաեւ ծայրայեղ խնամքի բաժանմունքները:

«ԱԶԴ-ն լիովին նպատակամէտ է օգնել Հայաստանին այս դժուար ժամանակաշրջանին մէջ։ Այս օժանդակութիւնը կ’օգնէ բաւարարելու համապատասխան բժշկական ծառայութիւններու եւ պարագաներու իմաստով առկայ կարիքը անհրաժեշտութեան պարագային, եւ համահունչ է կառավարութեան արձագանգման ազգային ծրագիրին»,- ըսաւ ԱԶԴ հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար՝ Փաոլօ Սփանթիկաթին: «Մենք կը շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ կառավարութեան եւ զարգացման այլ գործընկերներուն հետ` COVID-19 համավարակի ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար»:

ՀՀ կառավարութիւնը Մարտ 16-ին արտակարգ դրութիւն յայտարարած է եւ շարք մը միջոցառումներ կատարուած է, հիւանդութեան տարածումը սահմանափակելու ուղղութեամբ, անոնց կարգին՝ նաեւ քարանթինային միջոցառումներ:

Ապրիլ 13-ին, ԱԶԴ-ն իր նախնական փաթեթը եռապատկեց միլիառի, COVID-19 համավարակի դէմ պայքարին իր անդամակից երկիրներու հրատապ կարիքները բաւարարելու համար։ ԱԶԴ-ն նաեւ միջոցառումներ հաստատեց՝ իր գործառնութիւնները բարելաւելու  ուղղութեամբ՝ աւելի արագ եւ ճկուն կերպով օժանդակութիւն տրամադրելու համար։

ԱԶԴ-ն կը ձգտի հասնիլ բարգաւաճ, ներառական, ճկուն եւ կայուն Ասիայի եւ խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին, միաժամանակ պահպանելով ծայրայեղ աղքատութիւնը վերացնելու ուղղուած իր ջանքերը: Հիմնադրուած է 1966 թուականին, կը պատկանի 68 անդամ պետութիւններու, որոնցմէ 49-ը տարածաշրջանէն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment