Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անքարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանոց Պղծուած Է. Աճիւնները Դուրս Հանուած Են Գերեզմաններէն

Անքարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանոց Պղծուած Է. Աճիւնները Դուրս Հանուած Են Գերեզմաններէն

by MassisPost

Թուրքիոյ մայրաքաղաք՝ Անքարայի Սինճան շրջանը գտնուող հայկական Սուրբ Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիներուն պատկանող հայկական գերեզմանոցը աւերած են։ Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am-ը։

Նախկին փոխ վարչապետ Ալի Պապաճանի կողմէ հիմնադրուած «Ժողովրդավարութիւն եւ առաջընթաց» կուսակցութեան (DEVA) փոխ նախագահ Մուսթաֆա Եներօղլուն այս հարցի առթիւ դիմած է Անքարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշին։

Ան յայտնած է, որ գերեզմանոցի աճիւնները դուրս հանուած են գերեզմաններէն եւ ամէնուր մարդկային ոսկորներ ցրուած են։ Եներօղլուն շեշտած է, որ այս ամօթալի վիճակ է եւ պէտք է անմիջապէս աճիւնները վերաթաղել եւ կարգի բերել գերեզմանոցը։ Անքարայի քաղաքապետն ալ յայտնած է, որ իրենք կը զբաղին այդ հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment