Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազները 8 ու Կէս Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում Պահանջեցին Սասնայ Ծռերի Անդամներուն Համար

Դատախազները 8 ու Կէս Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում Պահանջեցին Սասնայ Ծռերի Անդամներուն Համար

by MassisPost

«Սասնայ ծռեր»-ի գործով դատավարութիւնը աւարտած է, այսօր մեղադրական ճառով հանդէս եկած են դատախազները։

Մեղադրող դատախազը պահանջած է խումբի անդամներէն՝ Արմէն Պիլեանին դատապարտել 21 տարի, Պաւլիկ Մանուկեանին եւ Սեդրակ Նազարեանին՝  9 տարի, Վարուժան Աւետիսեանին՝ 8 տարի 9 ամիս, Գագիկ Եղիազարեանին, Արեգ Կիւրեղեանին եւ Էտուարտ Գրիգորեանին՝ 8 տարի 6 ամիս, Մխիթար Աւետիսեանին՝ 8 տարի 9 ամիս ժամկէտով ազատազրկման: Արայիկ Խանդոյեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը կը դադրեցուի անձին մահուան հիմքով։ Իսկ Սմբատ Բարսեղեանի համար դատախազը պահանջած է ցմահ ազատազրկում։

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր»-ը մեղադրուած են խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, յափշտակելու, պատանդ վերցնելու, գոյքը դիտաւորութեամբ ոչնչացնելու, շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրամիջոցներ, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելու համար։ Անոնք 2016 թուականի Յուլիս 17-ին գրաւած էին Ոստիկանութեան ՊՊԾ (Պետական Պահպանութեան Ծառայութիւն) գունդը, որու ժամանակ մահացած էր ոստիկանութեան փոխ գնդապետ Արթուր Վանոյեան։ Հետագային նաեւ մահացած էին ոստիկաններ՝ Գագիկ Մկրտչեան եւ Եուրի Տեփանոսեան: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Եուրի Տեփանոսեանը մահացած էր դիպուկահարի կրակոցէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment