Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութիւնը Հակուած է Շահագործելու Ամուլսարի Հանքը, Սակայն Այսօր կը Լռէ՝ Վախնալով Ժողովուրդի Ցասումէն. Բնապահպան

Իշխանութիւնը Հակուած է Շահագործելու Ամուլսարի Հանքը, Սակայն Այսօր կը Լռէ՝ Վախնալով Ժողովուրդի Ցասումէն. Բնապահպան

by MassisPost

«Մեզ առանց զգուշացման, բռնութիւն գործադրելով վարչական ձերբակալման ենթարկեցին՝ որեւէ բացատրութիւն չտալով՝ որն է մեր գործողութիւններում ոստիկանութեանը չենթարկուելը»։ Այս մասին «Ա1+»-ի հետ զրոյցին նշեց բնապահպան Արման Ղարիպեան. ան այն աքթիւիսթներէն մէկն է, որոնք ԱԺ-ի մօտէն բերման ենթարկուեցան ոստիկանական բաժանմունք։

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Օգոստոս 11-ին, «Զբօսանք ու գործնագործ յանուն Ամուլսարի» միջոցառման մասնակիցները հաւաքուած էին Ազգային ժողովի դարպասներուն մօտ եւ գնդակով կը խաղային։ Երբ անոնք խաղի ընթացքին սկսան վանկարկել «Ամուլսար, միայն սար», ոստիկանութիւնը միջամտեց եւ հաւաքուածներուն մեծ մասին բերման ենթարկեց։

Ըստ Ղարիպեանին՝ ինչ որ պահ մը ոստիկանութիւնը որոշեց, որ եթէ խաղի ընթացքին  ինչ որ մէկը կը գոռայ «Ամուլսար» կամ «Ամուլսարը սար է», այդ հաւաք է, եւ այդ անձին պէտք է բերման ենթարկեն․

Ղարիպեան կը պնդէ, որ Ազգային ժողովի դարպասները իրենց առջեւ փակած էին դիտաւորեալ եւ ներկայացուցած ծիծաղելի մեկնաբանութիւն:

«Կեղծ պատճառաբանութիւն բերեցին, որ ուղղակի մեզ թուլ չտան լինել ԱԺ այգում, այն այգում, որը նուաճել ենք մեր մարմինները պայքարի մէջ դնելով»։

Աքթիւիսթը համոզուած է, որ իշխանութիւնը հակուած է շահագործելու Ամուլսարի հանքը, սակայն այսօր կը լռէ, որովհետեւ կը վախնայ ժողովուրդի ցասումէն:

«Իշխանութեանն այսօր ձեռնտու է Սերժի արած գործարքի հիման վրայ ներդրում ստանալ, քանի որ իրենք չկարողացան առանձնապես ներդրումներ բերել, մնացել են Սերժի յանցաւոր գործարքների յոյսին եւ փորձում են ճնշել բոլոր այն մարդկանց, ովքեր կը դիմադրեն, կը պայքարեն դրա դէմ»։

Արման Ղարիպեան «Իմ քայլը» խմբակցութեան լռութեան մասին կը խօսի ըսելով,որ անոնք եւս հրահանգ ունին լռելու կամ կը վախնան խօսելէ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment