Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Արցախի Մարդասիրական Օժանդակութիւնները Հերթաբար Կը Հասնին Լիբանան

Հայաստանի Եւ Արցախի Մարդասիրական Օժանդակութիւնները Հերթաբար Կը Հասնին Լիբանան

by MassisPost

Անցնող Շաբաթավերջին Հայաստանէն Լիբանանի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութեան բեռը փոխադրող երկու օդանաւեր վայրէջք կատարեցին Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրիի» անուան միջազգային օդակայանը: Այս թռիչքներով մասնաւորաբար դեղօրայք եւ բժշկական պարագաներ փոխադրուեցան Պէյրութ՝ նպաստելու համար ստեղծուած ճգնաժամի յաղթահարումի եւ վիրաւորներու բուժումի աշխատանքին: Կ՛ակնկալուի, երրորդ օդանաւ մը եւս ժամանէ Լիբանան՝ յատուկ օգնութիւն բերելու համար մասնաւորաբար լիբանանահայ համայնքի այն զաւակներուն, որոնք տուժեցին Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն: Այս երրորդ օդանաւը պիտի փոխադրէ գոյք, պարենամթերք եւ այլ նիւթեր, որոնց կարիքը ունի լիբանանահայութիւնը:

Հայաստանէն Լիբանան հասած թռիչքներով Պէյրութ ժամանեց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հայ-լիբանանեան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի համանախագահ Հրաչեայ Յակոբեանը, Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, փոխվարչապետի եւ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի աշխատակազմերու ղեկավարները:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համացանցային գրառումներու մէջ դիտել տուաւ, որ Հայաստանին տրամադրած աջակցութիւնը այստեղ պիտի չաւարտի: «Խաղաղութիւն եղբայրական Լիբանանին»:

Վարչապետը յայտարարեց, որ այն մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն օգնել լիբանանահայութեան՝ թէ կարճաժամկէտ եւ թէ երկարաժամկէտ առումով, կրնան գումարներ փոխանցել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին՝ Կեդրոնական դրամատան բացուած յատուկ հաշուեհամարներու միջոցով: Հիմնադրամը նաեւ ունի կատարելագործուած կայք, որտեղ առցանց նուիրատուութեան շատ արագ հնարաւորութիւն կայ:

Ըստ Արշամեանին՝ վերջին քանի մը ամիսներուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր տարածքային կառոյցները, ինչպէս նաեւ Արցախի կառավարութիւնը բաւական մեծ դրամական օգնութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն: Տնտեսական ճգնաժամը մեծապէս ազդած է Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն վրայ: Վերջին անգամ մօտ երկու ամիս առաջ 55 հազար տոլարի օգնութիւն տրամադրուած է այնտեղի հայկական կրթական հաստատութիւններուն:

Ըստ Արշամեանի` այսօրունէ պէտք է նախագծել, թէ ինչպէս պէտք է կարողանանք լիբանանահայերուն ժպիտով ու շատ յարգալից ընդունիլ Հայաստան, եթէ անոր կարիքը ըլլայ:

Օգնութեան առաջին խմբաքանակներուն հետ Լիբանան ժամանած հայկական պատուիրակութեան անդամները այցելցին Հայ կրօնական համայնքապետերուն, կուսակցութիւններուն եւ հաստատութիւններուն՝ ծանօթանալու համար Լիբանանահայութեան կարիքներուն:

sdhp-sinanian-2

Օգոստոս 10-ին պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաւահանգիստի պայթումէն մեծապէս տուժած Նոր Հաճըն թաղամաս, ուր Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան դարմանատան մէջ տեսակցեցան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի, Վարիչ Մարմինի անդամներուն, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող միութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ:

Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, Հայաստան-Լիբանան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ, երեսփոխան Հրաչեայ Յակոբեանը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ դեսպանութեան ռազմական կցորդ Ալեքս Մուշեղեանի:

sdhp-sinanian-1

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան-Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւնները, համատեղ իրականացուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի պայթումին յաջորդած օրերուն Հայաստանէն Լիբանան մարդասիրական օժանդակութեան կարեւորութիւնը: Շեշտուեցաւ, որ Հայաստանէն ուղարկուած նպաստը շատ մեծ նշանակութիւն ունի ինչպէս Լիբանանին, այնպէս ալ լիբանանահայութեան համար: Ընկ. Գալփաքեան իր արտասանած խօսքին մէջ յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հնչակեան կուսակցութիւնը միշտ եղած է հայրենասէր եւ անոր հայրենասիրութիւնը չէ պայմանաւորուած կուսակցական նեղ շահերով, խորհը րդարանական աթոռներով կամ իշխանական դիրքերով, այլ միշտ կը կանգնի Հայաստանի կողքին» անոր լաւ եւ վատ օրերուն: Ընկ. Գալփաքեան վերահաստատեց կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր բարեկարգումի ծրագրերուն:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ հայրենադարձութեան թղթածրարը եւ շեշտուեցաւ վերջնական բնակութեան նպատակով Հայաստան փոխադրուող հա-յորդիներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment