Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա Անհանգստացած Է Սեւրի Դաշնագրի Թեմայով Հայաստանէն Հնչած Յայտարարութիւններով

Թուրքիա Անհանգստացած Է Սեւրի Դաշնագրի Թեմայով Հայաստանէն Հնչած Յայտարարութիւններով

by MassisPost

Թուրքիոյ անհանգստացուցած են Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակի առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէն այս թեմայով հնչած յայտարարութիւնները, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ի պատասխան վերոնշեալ յայտարարութիւններուն:

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը անուղղակի սպառնացած է, «Ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները (իշխանութիւնները) ագրեսիվ յարձակողական ազգայնական քաղաքականութիւնը թողնեն եւ խելքերնին գլուխնին հաւաքեն»:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սեւրի պայմանագրի նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «պատռած եւ պատմութեան աղբամանը նետած է զայն»:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այս յայտարարութեամբ՝ անուղղակի կերպով Հայաստանին մեղադրած է թշնամանք սերմանելու եւ «ստոր նպատակներ ունենալու մէջ», եւ այդ նպատակով Սեւրի պայմանգրի օգնութեան դիմելու մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կրկնուած է նաեւ վերջին շրջանին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ անոնց կարգին նաեւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէն հնչեցուած այն կարծիքը, թէ Հայաստանը չի կրնար հոգալ իր սեփական ժողովուրդի առօրեայ պահանջները:

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը նաեւ անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին, Հայաստանը մեղադրելով «Ատրպէյճանի տարածքները բռնազաւթելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման առջեւ միակ խոչընդոտը ըլլալու»ն:

anna naghdalyan

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատասխանը
Հայաստանի մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի հարիւրամեակի յիշատակման առնչութեամբ, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կու տայ «այդ երկրի անկարողութիւնը առերեսուելու իր անցեալին հետ», իր մեկնաբանութեան մէջ նշած է Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան» զարմանքի արժանի է, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, որ «առիթը բաց չի թողնում արժեւորելու Օսմանեան ժառանգութիւնը՝ այդօրինակ ջղային արձագանք է ցուցաբերում նոյն Օսմանեան կայսրութեան կողմից մի շարք պետութիւնների, այդ թուում» Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կնքուած Սեւրի պայմանագրի յիշատակումիցՙ:

Աննա Նաղտալեան կը շեշտէ, որ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եղած է, կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ պատմական փաստ, որ հնարաւոր չէ վերախմբագրել կամ ջնջել:

«Թուրքիան, խուսափելով առերեսուել իր անցեալի հետ եւ ուրիշներին կոչ անելով «պատմութիւնից թշնամանքի փոխարէն դասեր քաղել», շարունակում է Հայոց ցեղասպանութիւնն արդարացնելու եւ հայ ժողովրդին նոր ոճրագործութիւններով սպառնալու աւանդական քաղաքականութիւնը:

Թուրքիայի կողմից մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խաթարմանն ուղղուած քայլերը, Հայաստանի հանդէպ որդեգրած ռազմատենչ կեցուածքը հարեւան տարածաշրջաններն ապակայունացնելու Թուրքիայի ներկայ կառավարութեան ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մասն են կազմում:

Միայն այդ քաղաքականութեան վերանայումը եւ Թուրքիայի կողմից անցեալի հետ առերեսուելու կարողութիւնը ճանապարհ կը հարթեն մեր տարածաշրջանի ժողովուրդների միջեւ իրական հաշտութեան համար», – ըսուած է Աննա Նաղտալեանի մեկնաբանութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment