Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վլատիմիր Գասպարեանի Կողմէ «Ազատութեան» Աշխատանքը Խոչընդոտելու Դէպքի Առթիւ Յարուցուած Է Քրէական Գործ

Վլատիմիր Գասպարեանի Կողմէ «Ազատութեան» Աշխատանքը Խոչընդոտելու Դէպքի Առթիւ Յարուցուած Է Քրէական Գործ

by MassisPost

Նախկին ոստիկանապետ՝ Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողներու աշխատանքը խոչընդոտելու միջադէպի կապակցութեամբ, ոստիկանութիւնը քրէական գործ յարուցած է, Քրէական օրէնսգրքի 164-րդ յօդուածի 3 -րդ մասի յատկանիշներով, տուեալ պարագային՝ լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելը, որ կատարուած է լրագրողի կամ անոր մերձաւորի կեանքի կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելով կամ այդ գործադրելու սպառնալիքով։

Այս արարքը կը պատժուի ազատազրկումով` երեքէն եօթ տարի ժամկէտով:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ օր Սեւանայ լիճի ափամերձ հատուածները տեղակայուած ապօրինի առանձնատուներու ու այլ կառոյցներու վերաբերեալ ռեբորթաժ  պատրաստելու ատեն, Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ՝ Վլատիմիր Գասպարեան խոչընդոտած էր «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողներու աշխատանքը: Ան  ինքնաշարժը  վարած էր լրագրողներու ուղղութեամբ՝ սպառնալով  հարուածել ֆիզիքապէս ոչնչացնել զիրենք եւ  ըսած, որ   կրնայ  «սատկացնել»  զիրենք, ինչպէս նաեւ հայհոյանքներով պահանջել իր առանձնատունը ցոյց չտալ։

Գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին տեղեկացուց, որ դատախազութիւնը, մամուլի հրապարակումներէն տեղեկանալով յիշեալ միջադէպի մասին, անմիջապէս նոյն օրը, քայլեր ձեռնարկած է այդ ուղղութեամբ։

Գոռ Աբրահամեան հերքեց տեղեկութիւնները այն մասին, թէ իբրեւ ոստիկանները ուղեւորուած են դէպի Վլատիմիր Գասպարեանի առանձնատունը զինք ձերբակալելու համար։ Այդ մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ տեղեկացուցած էր Գասպարեանի փաստաբան Տիգրան Աթանեսեան, ընդգծելով, թէ իր տեղեկութիւններով Երեւանէն օփերաթիւ խումբ մը շարժած է Գասպարեանը ձերբակալելու համար։ Ուշագրաւ է, որ աւելի ուշ, փաստաբան Աթանեսեան ֆէյսպուքեան իր էջէն հանած է այդ տեսանիւթը։

«Մեր հնարաւորութիւններով մենք արդէն գիտենք, որ Երեւանից շարժուել է օփերաթիւ խումբ, որպէսզի ձերբակալեն իրենց հրամանատարին», – նշած էր փաստաբանը:

«Ուզում եմ ասել, որ նման բան չկայ, իրականութեանը դա չի համապատասխանում: Դեռեւս այդ գործով որեւէ կասկածեալ, մեղադրեալ ներգրաւուած չէ, այդ փուլին կարելի է հասնել համապատասխան քննչական, դատավարական կամ օփերաթիւ հետախուզական գործողութիւններ կատարելու, որոշակի ապացուցողական տուեալներ ձեռք բերելու արդիւնքում: Այս պահին, բնականաբար, գտնուում ենք նախնական փուլում եւ որեւէ նման զարգացում չունենք», – արձագանգեց Աբրահամեան:

Այսօր՝ Օգոստոս 10-ին, մէկ տասնեակ լրագրողական կազմակերպութիւններ յայտարարութիւն տարածած են, պահանջելով պատասխանատուութեան ենթարկել Վլատիմիր Գասպարեանը։ Ընդգծելով, որ Գասպարեան իր պաշտօնավարման տարիներուն ալ աչքի ընկած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ յանդուգն վերաբերմունքով, իսկ որոշ դէպքերուն՝ նաեւ դաժանութեամբ, լրագրողական կազմակերպութիւնները կը յիշեցնեն 2015 թուականի «Էլեկտրիկ Երեւանի» եւ 2016-ի Սարի թաղի դէպքերը, երբ ոստիկանական գործողութիւններու թիրախ դարձան 40-էն աւելի լրագրողներ ու աշխատակիցներ, որոնք ենթարկուեցան ֆիզիքական բռնութիւններու ու ապօրինի հետապնդումներու։ Կը յիշատակուի նաեւ «1in.am» լրատուական կայքի թղթակից՝ Սիրանոյշ Պապեանի հասցէին արտաբերուած Գասպարեանի կոպիտ վիրաւորանքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment