Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Սկսած Է Պատասխանել Հանրութեան Հետաքրքրող Հարցերուն

Սերժ Սարգսեան Սկսած Է Պատասխանել Հանրութեան Հետաքրքրող Հարցերուն

by MassisPost

ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան սկսած է պատասխանել հանրութեան հետաքրքրող հարցերուն, ինչպէս խոստացած էր: Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ 3-րդ նախագահի գրասենեակէն։

«Խօսինք անկեղծ. Սերժ Սարգսեան Ապրիլեան պատերազմի մասին» խորագրով, 2018 թուականէն ի վեր Սերժ Սարգսեանի առաջին եւ անմիջական հաղորդակցութիւնն էր հանրութեան հետ: Նախագահ Սարգսեան բազմիցս նշած է, որ երբ գայ ժամանակը, կը պատասխանէ իրեն ուղղուած հրապարակայնօրէն հնչեցուած այն հարցերուն, որոնք կը մտահոգեն հանրութիւնը:

Ապրիլեան պատերազմի թեման անոնցմէ առաջինն է:

Ապրիլ 16-ին, ՀՀ Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովի նիստէն առաջ, ՀՀ երրորդ նախագահը լրագրողներուն խոստացած էր արտակարգ դրութեան աւարտէն անմիջապէս յետոյ հրաւիրել մամուլի ասուլիս եւ առաջին հանդիպման ժամանակ պատասխանել ապրիլեան իրադարձութիւններու հետ կապուած բոլոր հարցերուն:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով մեր երկրին մէջ անընդհատ երկարաձգուող արտակարգ դրութիւնը, սակայն, անհնարին դարձուց նման ձեւաչափով մամուլի ասուլիսի կազմակերպումը, որու պատճառով ընտրուեցաւ կարճ տեսանիւթերու ձեւաչափը։

Ան պիտի չփոխարինէ նախատեսուած աւանդական մամուլի ասուլիսները, այլ ընդամէնը առկայ իրավիճակին մէջ պիտի նախորդէ անոնց:

Սերժ Սարգսեանի ցանկութիւնն է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի հնարաւորութիւն ունենայ հանրային հետաքրքրութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ անձամբ իրմէ լսելու, թէ ինչ եղած է իրականութեան մէջ, փաստարկուած ներկայացնելով իրողութիւնները, ինչպէս նաեւ իր պատկերացումները մեր երկրի ապագայի վերաբերեալ:

Ապրիլեան պատերազմի մասին ան ըսած է. «Անկասկած սա յաղթանակ էր՝ յաղթանակ էր քանակապէս գերազանցող, անակնկալ յարձակուած եւ իր զինանոցում եղած գրեթէ բոլոր զէնքերը օգտագործած հակառակորդի նկատմամբ: Մենք պաշտպանեցինք մեր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, եւ յաջողութեամբ յետ մղեցինք նրանց լայնածաւալ յարձակումները: Նրանց նպատակը մի քանի հարիւր հեկտար հող գրաւելը չէր: Բայց եկէք խօսենք 800 հեկտարի մասին: Պարզուում է, որ աւելի ճշգրիտ չափումների դէպքում այն 400 հետկար է եւ ոչ թէ 800: Պատերազմից յետոյ իմ ասածն այն էր, որ նրանք կարողացել են 800 000 հեկտար անվտանգութեան գօտուց յետ վերցնել 800 հեկտար, այսինքն՝ 0, 1 տոկոսը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment