Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Վերջին Մէկ Օրուայ Մէջ Հաստատուած Է «Քորոնա» Ժահրի Հիւանդութեան 166 Նոր Դէպք, Մահացած Է 5 Մարդ

Հայաստանի Մէջ Վերջին Մէկ Օրուայ Մէջ Հաստատուած Է «Քորոնա» Ժահրի Հիւանդութեան 166 Նոր Դէպք, Մահացած Է 5 Մարդ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 166 նոր դէպք, առողջացած է 452 մարդ։ Մահուան դէպքերը հինգ են, մահացած հիւանդները 46-89 տարեկան եղած են։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստանի մէջ մարտէն ի վեր «Քորոնա» ժահրէն 777 մարդ մահացած է, եւս 228 մահուան դէպք արձանագրուած է, երբ հիւանդներու մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այսպիսով, Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` Հայաստանի ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 39 985-ի, որոնցմէ 32 008-ը` առողջացած:

Այժմ տան կամ հիւանդանոցներու մէջ փաստացի բուժում կը ստանայ 6972 հիւանդ: Հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 172994, որմէ 1394-ը կատարուած են վերջին 24 ժամուայ մէջ, նախորդ օրը կատարուած էր աւելի շատ` 1589 հետազօտութիւն։

Առողջապահութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնէն Լիլիթ Պապախանեան «Ազատութեան» փոխանցեց, թէ ցուցում ունեցող բոլոր քաղաքացիները կը հետազօտուին. – «Կարող է այս 2 օրը, վերջին օրերին մի քիչ աւելի քիչ, բայց միջինում արուում է շուրջ 1500 հետազօտութիւն` կախուած դիմելիութեան, հաղորդակիցներու յայտնաբերման հետ»:

Նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ այս պահուն հիւանդանոց փոխադրուելու սպասող քաղաքացիներ չկան, նոր դէպքերու նուազման  զուգահեռ կրճատուած է այն բժշկական հաստատութիւններուն թիւը, որոնք կը բուժէին Covid-19-ով վարակուածները. – «Արդէն, որ չեն սպասարկում, առաջ 20-ն էր, բայց արդէն մի քանի օր է` մի քանիսն արդէն էլ չեն սպասարկում ե՛ւ Երեւանում, ե՛ւ մարզերում: Այս պահին 15-ն են»:

Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ՝ Նունէ Բակունցի կարծիքով՝ վարակի նուազման միտում կայ, բայց այդ պէտք չէ զգօնութեան նուազման պատճառ դառնայ, քանի որ դեռ վաղ է ըսելու, որ համաճարակը կը մարի։ Ըսած է, որ դրական միտումը աւելի շուտ ձեռնարկուած հակահամաճարակային միջոցառումների արդիւնք է. – «Առարկայական պէտք է լինենք, ե՛ւ դիմակների կրումն է աւելի դարձել կարգապահ, աւելի է կիրառուում, ե՛ւ միւս բաներն են աւելի կարգապահ. նոյն այդ հանգստեան վայրերում ես վստահ եմ, որ բաւականին հետամուտ են լինում նման պահանջների կատարմանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment