Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը Լծուի Լիբանանի Օգնութեան Աշխատանքներուն

Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը Լծուի Լիբանանի Օգնութեան Աշխատանքներուն

by MassisPost

Հ.Բ.Ը.Մ.ը, Համաշխարհային Մարդասիրական Օգնութեան իր Արշաւի Առաջին Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի Հանգրուանը Իրականացնելէ Ետք, Թափով Կը Լծուի Լիբանանի Օգնութեան Աշխատանքներուն

2020 Ապրիլի կէսերուն սկսած Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համաշխարհային Մարդասիրական Օգնութեան Հիմնադրամի նախաձեռնութեան ի պատասխան, աշխարհի տարբեր կողմերէն նուիրատուներու ցուցաբերած աջակցութեան ծաւալը, գործնական դրսեւորումը կը հանդիսանար կազմակերպութեան «Միութիւնը Զօրութիւն է» նշանաբանին:

Համավարակին վերաբերող օգնութեան աշխատանքներուն որպէս աջակցութիւն, հանրութեան տարբեր շրջանակներ եւ Միութեան հաւատաւոր նուիրատուներ, թուայնական եւ լայնատարած նամակագրութեամբ կատարուած կոչերուն անսալով, իրենց նիւթական աջակցութիւնները հասցուցած էին Միութեան շրջանային կեդրոնները:

Յուլիս 31-ին, արշաւը հասաւ իր մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի առաջին նշաձողին: Սակայն միայն չորս օրեր ետք, երբ պատահեցաւ Լիբանանը ցնցող նաւահանգիստի ահաւոր եւ աղիտալի պայթումը, հրատապ փրկարարական եւ օգնութեան գործողութիւններու համար նախաձեռնուած հանգանակութիւնը, երեք օրերու ընթացքին անցաւ $1,000,000-ը: Մարդասիրական օգնութեան կարիքը սրացում արձանագրած է իբր արդիւնք բնակարաններու եւ վաճառականական հաստատութիւններու ֆիզիքական լայնատարած քանդումին, որ կու գայ աւելնալու արդէն իսկ նիւթական եւ առողջապահական տագնապին իբր արդիւնք, ժողովուրդը ճնշող կեանքի եւ ապրուստի մտահոգութիւններուն վրայ:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը մատնանշէ, թէ «Ի տարբերութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ ցարդ նախաձեռնուած օգնութեան արշաւներուն, ինչպէս էր պարագան 1988-ի երկրաշարժին, Արցախեան  պատերազմին, Սուրիահայ տարագրեալներուն եւ այլ տեղական բնոյթ ունեցող արտակարգ իրավիճակներուն, Համավարակի տագնապին եւ Լիբանանը ցնցող վերջին աղէտին պատճառով, ներկայիս միաժամանակ վտանգի մատնուած են աշխարհի մէկէ աւելի վայրերու մէջ գտնուող հայ շրջանակներ:» Ակնարկելով հայաշխարհի տարբեր կողմերէն հասնող լայնածաւալ աջակցութեան, ըստ նախագահին, անիկա արտայայտութիւնն է «իրարօգնութեան հայկական բնածին պատասխանատուութեան գիտակցութեան:»

Ըստ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենեակի Վարիչ Տնօրէն Անիթա Անսըրեանին, որ շարունակական կապի մէջ է Հ.Բ.Ը.Մ.ի համաշխարհային ցանցի շրջանային գրասենեակներուն եւ տեղական մասնաճիւղերուն հետ, համատարած աջակցութեան ծաւալը եւ թափը աննախադէպ են:

«Մեր համատարած ցանցի ղեկավարութիւնը անդադար աշխատանքի լծուած է համակարգելու համար հանգանկութեան աշխատանքները եւ ապահովելու անոնց անյապաղ տրամադրումը տեղւոյն վրայ յառաջ տարուող օգնութեան նախաձեռնութիւններուն: Մեզի համար խորագոյն գոհունակութիւն է տեսնել բոլորին կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութեան ոգին: Հերոսներ չեն պակսիր մեր շարքերէն ներս:»

Ըստ Անսըրեանին, «Առանց մեր ճիգերը կարելի դարձնող այս շօշափելի գումարներուն, կարելի պիտի չըլլար իրականացնել անհրաժեշտ սննդեղէնի ծրարներու բաշխումը ծանրագոյն վնասներու ենթարկուած շրջաններուն, ինչպէս Լիբանան, Հայաստան եւ Սուրիա, մինչեւ իսկ այն շրջանակներուն, ինչպէս Լոս Անճէլըս, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Սիտնի եւ այլք, ուր ակնկալելի չէր այսքան սուր կարիքի առկայութիւնը: Այժմ մենք պէտք է աւելի եւս լարենք մեր ուժերը, հասնելու համար Լիբանանի մեր աղէտեալ համայնքներուն:»

Նախագահ Սեդրակեան կոչ կ’ուղղէ ըսելով, «Հանգանակուած գումարները արագօրէն կը սպառին կարիքներու ծաւալին պատճառով: Հերեւաբար անհրաժեշտ է որ մենք պատրաստ ըլլանք ցնոր տնօրինութիւն, լարուած պահելու մեր ուժերը, դիմագրաւելու համար տիրող տագնապները: Հետեւաբար ջերմօրէն կը դիմենք բոլոր հայութեան, իրենց կարելութեան ներած չափով, որքան ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը, կենալ մեր կողքին, որպէսզի որեւէ կարիքաւոր հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլայ ան, անօգնական չմնայ: Նոյնիսկ երբ Համավարակը յաղթահարուի եւ Լիբանանը կարենայ գտնել իր հաւասարակշռութիւնը համատարած աղէտի պատճառած քանդումներէն, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պատրաստ պիտի ըլլայ, աւելի քան երբէք, դիմագրաւելու համաշխարհային մարտահրաւէրներ: Մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ սփոփումի եւ յոյսի մատոյց դառնալ աշխարհին:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համաշխարհային Մարդասիրական Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք ստուգել (donate.agbu.org/lebanonrelief) կայքէջը: Լիբանանին օգնութիւն փութացնելու համար, հաճեցէք առցանց կատարել ձեր նուիրատուութիւնները: Հեռաձանել՝ (212-319-6383, Երկշ.-Ուրբ. կ.ա. 9 – կ.ե. 5, Նիւ Եորքի ժամով) կամ դրամատնային փոխանցումի համար կապուիլ [email protected] հասցէով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment