Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ահաւոր Պայթում Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ, Մի Քանի Տասնեակ Զոհեր եւ Հազարաւոր Վիրաւորներ, Մեծ Վնասներ Կրած են Հայկական Հաստատութիւններն Ու Անհատ Հայեր

Ահաւոր Պայթում Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ, Մի Քանի Տասնեակ Զոհեր եւ Հազարաւոր Վիրաւորներ, Մեծ Վնասներ Կրած են Հայկական Հաստատութիւններն Ու Անհատ Հայեր

by MassisPost

Երեքշաբթի երեկոյեան, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը ցնցուեցաւ սոսկալի պայթումով, որ տակաւին երկար ժամանակ քննարկման թեմա պիտի դառնայ, ոչ միայն Լիբանանեան օրակարգին, այլ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին համար:

Մանրամասնութիւններուն երթալով յիշեցնենք, որ Պէյրութի գլխաւոր նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումը, բոլոր առումներով աննախադէպ էր, մայրաքաղաքի շուրջ վաթսուն առ հարիւրին վրայ իր տարածած աւերածութեամբ:

Շէնքեր, տանիքներ, շէնքերու մուտքեր, խանութներու փեղկեր եւ շքամուտքեր, մեծ համալիրներու մուտքեր եւ սիւներ աւերակ դարձած են: Քաղաքը կ’ապրի օրհասային պահեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ կը փոխադրուէին հիւանդանոց բուժումներ ստանալու համար: Առողջապահական առումով երկրի պատկան մարմինները կը խնդրէին քաղաքացիներէն, որ հեռու մնան թեթեւ վիրաւորում ստացողները հիւանդանոցներ փոխադրելէ, որովհետեւ հիւանդանոցներուն մէջ արդէն տեղեր չկան: Իրավիճակն իրապէս ցաւալի էր:

Արեւելքի համար իր ուրոյն տեղն ու դերն ունեցած ծովեզերքի հարս` Պէյրութը քաոսի մէջ էր թաղուած. Քաղաքացիները ճարահատեալ, իսկ երկրի լրագրողական դաշտի աշխատակիցները համրացած:

Իրավիճակին ճիշդ ու դիպուկ գնահատականը կու տար ֆրանսական AFP լրատու գործակալութեան Պէյրութեան գրասենեակի լրագրողը, որ կ°ըսէր, թէ եղածը համազօր է երկրաշարժի: Ի դէպ մինչեւ այս գրութեան աւարտը Պէյրութի պայթումին զոհերուն թիւը անցած էր 70-ը, իսկ վիրաւորներունը անցած էր 4000-ը ու տակաւին շատ հաւանական է, որ այս թիւերը բարձրանան:

beirut-2

Տարբեր Վարկածներ
Պայթումի առաջին իսկ պահէն աւելի քան հնգեակ մը վարկածներ սկսան շրջան ընել եղած ողբերգութեան մասին: Այդ վարկածներէն ամէնէն անհիմնն ու առաջինը այն էր, որ պայթումը եղած է տօնական պայթուցիկներու պահեստանոցի մը մէջ, որ սակայն աւելի ուշ «ջուրը կ՛իյնար» ու ձեւով մը լոյսին կը բերէր, որ եղածը շատ հաւանաբար «Հըզպալլա» կուսակցութեան պատկանող պահեստանոցի մը մէջ եղած պայթում մըն է, իսկ կատարող կողմը Իսրայէլն էր: Այս վարկածներուն զուգահեռ երեւելի էր նաեւ լիբանանեան մարմիններու մեծ լռութիւնը, որ նաեւ աւելիով խորհրդաւոր կը դարձնէր իրավիճակը: Միւս կողմէ Իսրայէլ, որ մինչեւ այս պահը կը համարուի գլխաւոր, սակայն ոչ պաշտօնական մեղադրեալը նոյնպէս լռութիւն կը պահէր, հակառակ անոր, որ նման մեծ զարգացումներու պարագային իսրայէլեան կողմը վարժ է, ոչ միայն ստանձնել եղած դէպքը, այլ նաեւ յոխորտալ իր կատարած «սխրանք»ով:

Ամէն պարագայի հեռու մնալով դաւադրական ամէն կարգի մօտեցումներէ հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ պայթումի ենթարկուած գլխաւոր պահեստանոցը, ըստ լիբանանեան կարգ մը ԶԼՄ-ներու եղած է պահեստանոց «Ամօնեոմ նայթրէյթ» խիստ վտանգաւոր եւ արագ հրկիզուող նիւթին եւ այդ նիւթերու թեման տարբեր առիթներով քննարկամ թեմա դարձած էր Լիբանանի բնապահպանական մարմիններու կողմէ: Ամէն պարագայի եւ հաշուի առնելով առկայ ընդհանուր տեսարանը եւ դէպքի ժամանակ առնուած կարճ տեսանիւթերը այս տողերը գրողը միտուած է հաւատալ, որ եղածը սովորական պայթում մը չէ, ու նաեւ նպատակ մը հետապնդող եւ լաւ ուսումասիրուած արարքի մը արդիւնքն է:

Հայկական ճակատ
Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութեան, ապա հարկ է նշել, որ հայկական գաղութը նոյնպէս ունեցաւ նիւթական մեծ կորուստներ: Հայաբնակ Պուրճ Համուտ, Նոր Հաճըն, Տորա եւ մասամբ հայաբնակ Էշրէֆիյէ շրջաններուն մէջ անհատական մակարդակի վնասներէն մինչեւ ազգային կառոյցներու շէնքեր ու կեդրոններ նոյնպէս կրեցին մեծ վնասներ. Ունեցանք նաեւ մարդկային կորուստներ, որոնց առաջինը «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանի կորուստն էր, բաց աստի յստակ դարձաւ նաեւ, որ կան առնուազն չորս հայ զոհեր: Համայնքը նոյնպէս, ինչպէս ամբողջ Լիբանանը յայտնուած է մեծ շոգի մը մէջ, ու յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ գնահատականներ տալ առկայ ընդհանուր դրութեան: Նշնք, որ դէպքէն քանի մը ժամ անց Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտի շրջան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը մօտէն ծանօթանալու հայկական թաղամասերու իրավիճակին ու նաեւ սրտակցելու աղիտահար մեր հայրենակիցներուն:

Լիբանանի Վարչապետի կոչը
Պայթումի դէպքէն ժամեր անց Պէյրութը յայտարարուեցաւ աղիտահար քաղաք: Երկրի վարչապետըª Հասսան Տիապ, որ հանդէս եկաւ կարեւոր համարուած յայտարարութեամբ կոչ ուղեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն արագօրէն օգնութեան ձեռք երկարելու. ան նաեւ նկատել տուաւ, որ դէպքին հետ կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները եւ պատճառները պիտի բացայայտուին եւ մեղաւորները պիտի պատժուին: Այս խօսքերէն անդին յստակ էր նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը տակաւին չէ կարողացած եղածին վերաբերեալ ճիշդ ախտաճանաչում մը կատարել ու ըստ այնմ կարեւոր քայլեր առնել: Յստակ է, որ Լիբանանցի ժողովուրդը կանգնած է մեծ քաոսի մը առջեւ եւ յառաջիկայ օրերը անշուշտ պիտի բանան ամբողջ ողբերգական իրականութեան մեծ պատկերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վիրաւոր քաղաքացիներ բժշկական օգնութիւն կը ստանան ՀԿԲՄ-ի դարմանատան մէջ

aebu-dispensary

aebu-2

aebu-3

aebu-4

aebu-7

aebu-5

aebu-6

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment