Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վուչիչ․ «Սերպիան Տասնապատիկ Աւելի Զէնք Վաճառած Է Ատրպէյճանին, Քան Հայաստանին»

Վուչիչ․ «Սերպիան Տասնապատիկ Աւելի Զէնք Վաճառած Է Ատրպէյճանին, Քան Հայաստանին»

by MassisPost

Սերպիոյ նախագահ՝ Ալեքսանտր Վուչիչ Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ժամանակ հաստատած է, որ իր երկիրը զէնք վաճառած է Հայաստանին, նշելով, սակայն, որ վերջին տարիներուն Պաքուին վաճառուած սպառազինութեան քանակը անհամեմատ աւելի մեծ եղած է ։

«Թէ՛ Ատրպէյճանը եւ թէ՛ Հայաստանը մեր բարեկամներն են։ Բայց վերջին քանի մը տարիներուն, մենք տասնապատիկ աւելի զէնք վաճառած ենք Ատրպէյճանին: Չես գիտեր ինչու, սակայն, որեւէ մէկը այդ մասին չխօսեցաւ, որեւէ լրատուամիջոց չանդրադարձաւ անոր», – տարակուսած էր Սերպիոյ նախագահը՝ ընդգծելով, ի դէպ, որ Ատրպէյճանի նախագահի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի:

Սերպիոյ իշխող Առաջադիմական կուսակցութեան գրասենեակին մէջ նախորդ շաբաթավերջը կայացած այս ասուլիսի ընթացքին, Վուչիչ արձագանգած էր սերպական մամլոյ մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն, որոնց համաձայն՝ Պելկրատն ու Երեւանը սպառազինութեան ոլորտին մէջ վերջին տարիներուն շարք մը լուրջ գործարքներ կնքած են: Պելկրատ լոյս տեսնող НИН (ՆԻՆ) հանդէսը, մասնաւորաբար, կը պնդէ, թէ Հայաստանը շուրջ 5 միլիոն 800 հազար եւրոյի եւ 5 միլիոն 300 հազար տոլարի սերպական արտադրութեան զէնք գնած է: Խօսքը մասնաւորապէս տարբեր տրամաչափի ականների եւ «Կրատ» կայանքներու համար նախատեսուած սպառազինութեան մասին է: Նոյն աղբիւրի վկայութեամբ՝ միայն 2019 թուականին Սերպիայէն Երեւան սպառազինութեամբ 16 թռիչք տեղի ունեցած է: Նոյն լրատուամիջոցը նաեւ կը պնդէ, թէ սերպական զէնքի վերջին մատակարարումները կատարուած են Յուլիս 14-ին եւ 15-ին:

Սերպիոյ նախագահի խօսքով՝ թէեւ ինքը Երեւանի հետ կնքուած գործարքները որոշակիօրէն վիճայարոյց կը համարէ, այնուհանդերձ, այսպիսի մատակարարումներն են, որ հնարաւորութիւն կու տան երկրի ռազմաարդիւնաբերական համալիրին խուսափելու վերջնական անկումէն:

«Իսկ ի՞նչ պիտի ընենք մենք ռազմաարդիւնաբերական համալիրին հետ: Դուք կ’ուզէք, որ այնտեղ ներգրաւուած մարդիկ անգո՞րծ մնան: Սերպիոյ ռազմաարդիւնաբերական համալիրին մէջ 17 հազար մարդ կ’աշխատի, եւ հարկաւոր է այնպէս ընել, որ անոնք պահպանեն աշխատատեղերը։ Բայց եթէ ընդհանրացնենք, ուրեմն հարց կը ծագի, որո՞ւ պիտի վաճառենք մենք սպառազինութիւն ապագային։ Որու որ ալ վաճառենք, միեւնոյն է, պիտի ենթարկուինք քննադատութեան», – արձանագրած էր Սերպիոյ նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment