Ամերիկեան Նեթֆլիքս (Netflix) ընկերութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» հոլիուուտեան շարժանկարը հեռարձակելու հեղինակային իրաւունք ձեռք բերած է:
«Արմէնփրես»–ի հաղորդումով՝ այս մասին «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է շարժանկարի արտադրող Էրիք Էսրայէլեան:
«Ուրախ ենք յայտնելու, որ Նեթֆլիքսը «Խոստումը» շարժանկարը ցուցադրելու հեղինակային իրաւունք ստացած է: Շնորհակալ ենք բոլորին աջակցութեան համար: Կը կարծենք, որ այսպէս աւելի կը մեծնայ մարդոց տեղեկացուածութիւնը: Մեծահոգութեան համար շնորհակալ ենք մեր սիրելի ընկեր եւ բարերար Քըրք Քըրքորեանին»,-գրած է Էսրայէլեան:
Շարժանկարի ցուցադրութիւնը պիտի սկսի Օգոստոս 8-ին։
Աւելի վաղ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին, ան նշած էր, որ Ֆիլմի շարժանկարի գլխաւոր նպատակն է պատմել մեր պատմութիւնը, հնարաւոր տեսանելի մեքենականութեամբ: «Մենք ցեղասպանութեան պատմական փաստերու մասին հիանալի գիրքեր ունինք, բայց նաեւ պէտք է օգտագործենք արդիւնաբերութիւնը եւ շարժանկարի արտադրութիւնը, այդ պատմութիւնը աշխարհին ցոյց տալու համար: Նպատակը պարզապէս շարժանկար ստեղծելը չէր, այլ մարդոց տեղեակ պահելը: Մենք ընկերային շարժում սկսած էինք, «Պահպանենք խոստումը» (#KeepThePromise), Քըրքորեան խոստացաւ ֆինանսաւորել շարժանկարը, մենք խոստացանք շարժանկարը աւարտին հասցնել, երբեք չմոռնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ մենք հիմա պէտք է խոստանանք երբեք թոյլ չտալ այլ մարդոց նկատմամբ կրկին ցեղասպանութիւն գործելու: Շատ քիչ շարժանկարներ կան, որոնք փաստացի այդքան կեանք ու ազդեցութիւն ունին, որքան «Խոստումը» ունի այսօր»,-ընդգծած էր Էսրայէլեան: