Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊՆ-ը Կը Հերքէ Այն Լուրը, Թէ Թրքական Կործանիչները Օդային Հարուածի Հեռավորութեան Վրայ Մօտեցած են Երեւանին

ՊՆ-ը Կը Հերքէ Այն Լուրը, Թէ Թրքական Կործանիչները Օդային Հարուածի Հեռավորութեան Վրայ Մօտեցած են Երեւանին

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն հերքած են թրքական զինուած ուժերու F-16 կործանիչներու՝ օդային հարուածի հեռաւորութեան վրայ Երեւանին մօտենալու վերաբերեալ Զանգուածայաին Լրատուական Միջոցներով շրջանառուող տեղեկութիւնները։

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին, շրջանառուող լուրը հերքեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

«Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը»,- նշեց Ստեփանեան։

Յիշեցնենք, որ Avia.pro կայքը յայտնած էր, թէ առնուազն երկու թրքական ռազմական ինքնաթիռ ուղղութիւն բռնած են դէպի Երեւան եւ գտնուած են Հայաստանի մայրաքաղաքէն 56 քմ հեռաւորութեան վրայ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment