Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեան Ըսելիք Ունի Միայն Դատարանին Մէջ. Անդրանիկ Քոչարեան

Ռոպերթ Քոչարեան Ըսելիք Ունի Միայն Դատարանին Մէջ. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

Մարտ 1-ի գործով ամբաստանեալ Ռոպերթ Քոչարեան ըսելիք ունի միայն դատարանին մէջ։ Հանրութիւնը իրմէ կ’ակնկալէ լսել ոչ թէ քննադատութիւններ, այլ բացատրութիւններ 2008-ի արիւնոտ իրադարձութիւններու իր որոշումներուն մասին, իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան այսպէս արձագանգեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի քննադատութիւններուն։

Ռոպերթ Քոչարեան հարցազրոյց տուած է 5-րդ ալիք, Հ2 եւ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութիւններուն։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հարցազրոյցին, քննադատած է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, խօսած է իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին: Ան չէ բացառած յեղափոխականներուն յաջողած մեթոտի կիրառումը՝ զանգուածային ճնշումներ եւ ճանապարհներ փակելու միջոցով։

Շուրջ 4 միլիոն տոլար գրաւով ազատութեան մէջ գտնուող Ռոպերթ Քոչարեանի խօսքով, եթէ կառավարութիւնը չփոխէ գործելաոճը, լուրջ խնդիր կ’ունենայ։ Արտահերթ իշխանափոխութենէն մինչեւ հերթական ընտրութիւն բոլոր տարբերակները քաղաքական սեղանին վրայ կը գտնուին։ Ընդդիմադիր ուժերու յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ իշխանափոխութեան օրակարգը ձեւաւորուած է, կը մնան կազմակերպչական հարցերը, ըսած է Քոչարեան։ Թէ ո՞ր ուժերու համախմբումով հաւանական իշխանափոխութիւնը պիտի կատարուի, երկրորդ նախագահը փակագծեր չէ բացած։

Ռոպերթ Քոչարեանին եւ իր քաղաքական համախոհներուն, ժողովուրդը արդէն մերժած է, ընդ որում, քանի մը սերունդի, հակադարձեց Անդրանիկ Քոչարեան՝ հարցնելով այդ ո՞ր ուժերուն հետ եւ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ իշխանափոխութիւնը, երբ Հայաստանի քաղաքացիները արդէն իրենց որոշումը կայացուցած են։ Քոչարեանի եւ ժողովուրդի միջեւ միայն փշալարեր կան։

Իշխանափոխութեան տարբերակները անյաջողութեան պիտի մատնուին, ըսաւ իշխանական պատգամաւորը՝ շարունակելով, Քոչարեանը մոլորութեան մէջ է, եթէ կը կարծէ, որ ժողովուրդը իշխանութենէն հիասթափուած է ու զինք փրկիչի դերով կը տեսնէ։

«Ռոպերթ Քոչարեանը խօսում է պետութեան հիմքերը քանդելու մասին, այնպէս որ այդտեղ ինքը որեւէ յաջողութեան չի կարող հասնել, որովհետեւ ժողովուրդն իր ընտրութիւնը կատարել է, եւ այդ ընտրութեան պատասխանատուն այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին է», – ընդգծեց Անդրանիկ Քոչարեան:

Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցին ալ անդրադարձած էր Հայաստանի նախկին ղեկավարը, մտահոգուած Փաշինեանի՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» ձեւակերպման առնչութեամբ։ Այդ գուցէ փոխաբերական նշանակութիւն ունի գործող իշխանութեան համար, բայց, փաստացի, Արցախը վերածուած է Հայաստանի մարզի կարգավիճակի, ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան։

«Այդ բանաձեւերը, նոր այսպէս ասենք իշխանութեան կողմից առաջ քաշուած բանաձեւերում կա՛մ պէտք է Ղարաբաղը հրաժարուի անկախութեան գաղափարից, կա՛մ Ատրպէյճանը պէտք է համաձայնուի Ղարաբաղի անկախութեան հետ, չկայ ո՛չ նա, ո՛չ այն: Ես ո՛չ Ատրպէյճանում եմ տեսնում այդպիսի մտադրութիւն, ո՛չ Ղարաբաղում եմ տեսնում այդպիսի մտադրութիւն: Հիմա հարց է առաջանում՝ ի՞նչ սկզբունքների շուրջ պէտք է այս հարցը, իմ համար հասկանալի չի», – ըսած է երկրորդ նախագահը:

Ղարաբաղեան կարգաւորման ու արտաքին քայլերուն ուղղուած քոչարեանական քննադատութիւններուն իշխանական պատգամաւորը նախընտրեց արձագանգել կարճ՝ մէկ օրինակով. «Ո՞նց կարող է Ռոպերթ Քոչարեանն այսօր խօսել Արցախի անվտանգութեան եւ դրա մէջ այսօրուայ իշխանութիւնների կատարած քայլերի մասին, երբ որ այդ քայլերն ըստ էութեան ամրացրել են մեր անվտանգային համակարգը: Ռոպերթ Քոչարեանը չմոռանանք եղել է այն միակ ղեկավարը, որը Ատրպէյճանի հետ քննարկել է Մեղրիի տարբերակը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment