Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Յոյս Ունի, Որ Սեպտեմբերին Կ’արձանագրուի «Քորոնա» Ժահրի Ճգնաժամի Աւարտը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Յոյս Ունի, Որ Սեպտեմբերին Կ’արձանագրուի «Քորոնա» Ժահրի Ճգնաժամի Աւարտը

by MassisPost

Վերջին 15 օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի համաճարակային վիճակը Հայաստանի մէջ էականօրէն բարելաւուած է եւ կը բարելաւուի, այսօր՝ Յուլիս 30-ի կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, յոյս յայտնելով, որ սեպտեմբերին կ’արձանագրուի ճգնաժամի աւարտը։

Նախօրէին, 1374 հետազօտութիւններէն «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 259-ի` այսինքն մօտ 19 տոկոսին մօտ։

«Երէկ ունեցել ենք 259 նոր ախտորոշման դէպք եւ վեց օր անընդմէջ ունենք 400-ից պակաս ամէնօրեայ դէպքեր, իսկ նման իրավիճակ, որ վեց օր մեր դէպքերը լինեն 400-ից պակաս, այսինքն մայիսի 24-ի դրութեամբ է այդպիսի իրավիճակ արձանագրուել, այսինքն մայիսի 24-ից ետ՝ վեց օր: Այս ամէնը նշանակում է, որ մենք  առիթ ունենք, եթէ շատ պատկերաւոր ասենք, ջարդելու այս համավարակի ողնաշարը», – ըսաւ վարչապետը:

Այս պահուն տան եւ հիւանդանոցներուն մէջ բուժում կը ստանայ 8877 քաղաքացի։

«Յունիսի 11-ից յետոյ առաջին անգամ երէկուայ դրութեամբ մենք ունենք աշխոյժ դէպքերի 9000-ից պակաս դէպք, երէկուայ դրութեամբ դրական ախտորոշուած եւ չառողջացած դէպքերը 8 հազար 877 են: Յունիսի 11-ից յետոյ մենք երբեք այսպիսի ցածր թիւ չենք ունեցել», – ընդգծեց կառավարութեան ղեկավարը:

Ըստ Փաշինեանին՝ կասկած չկայ, որ վիճակի բարելաւումը կապուած է հակահամաճարակային կանոնները պահպանելու հետ, այն է, ընկերային հեռավորութիւն պահելը, դիմակ դնելն ու ձեռքերը պարբերաբար ախտահանելը։

Մինչեւ զբօսաշրջիկութեան եղանակի աւարտը օդային փոխադրամիջոցները սովորական ռեժիմով պիտի չվերականգնուին, տեղեկացուց վարչապետը, աւելցնելով, որ այս կը նշանակէ, որ այն քաղաքացիները, որոնք կրնային իրենց հանգիստը անցնել արտասահման, պէտք է օգտուին ներքին  զբօսաշրջական հնարաւորութիւններէն:

«Մենք հիմա ձեւակերպում ենք խնդիր, որ մենք համաճարակն, ըստ էութեան, որպէս օրակարգի հարց դուրս բերենք մեր հանրային կարգի օրակարգից: Սա չի նշանակում, որ «Քորոնա» ժահրի դէպքեր ընդհանրապէս չլինեն Հայաստանի Հանրապետութիւնում, սա նշանակում է, որ «Քորոնա» ժահրի դէպքերը լինեն այն աստիճանի եւ այն մակարդակի վրայ, որ մենք դա չհամարենք առնուազն առողջապահական առումով ճգնաժամ: Հետեւաբար, այո, մենք այսօր այդ առիթը, հնարաւորութիւնը ունենք: Ինչքանո՞վ կ’իրացնենք այդ հնարաւորութիւնը, կախուած է եւ՛ պետական մարմինների, եւ՛ մեզնից իւրաքանչիւրի, եւ՛ իւրաքանչիւր քաղաքացու պատասխանատուութեան մակարդակից», – ընդգծեց Փաշինեան:

Նուազած է նաեւ ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներուն թիւը։ Երէկ առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ եթէ նախապէս անոնց թիւը կը տատանէր 650-ի շուրջ, ապա հիմա այն մինչեւ 500 է, ինչ որ, ըստ նախարարին, կը նուազեցնէ մահուան դէպքերը։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Մարտ 1-էն մինչեւ օրս հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 38196 դէպք, 28366-ը առողջացած է։ Միայն երէկ առողջացած է 542 քաղաքացի, մահացած՝ քրոնիկական հիւանդութիւն ունեցող 5 հոգի։ Մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը 728 է, մինչեւ օրս այլ պատճառով մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած 225 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment