ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ, դեսպան Ռոպերթ Պրատքէն անհանգստացած է այն ամէնով, ինչ կը կատարուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ: «Ամերիկայի ձայն»-ի հետ զրոյցին, դեսպան Պրատքէն նշած է, որ այդ հրադադարի լուրջ խախտում է եւ կարող է ծանր հետեւանքներ ունենալ:
«Այս հակամարտութիւնը այդքան ժամանակ կը շարունակուի: Հրադադարը հաստատուած է 1994 թուականին, բայց կը տեսնենք հրադադարի ռեժիմի բազմաթիւ խախտումներ: Այդ ժամանակուընէ ի վեր խաղաղ գործընթացը շատ անկայուն եղած է: Մինսքի խումբը յայտարուրութեամբ կոչ ըրած է դադրեցնել հրադադարի խախտումը: Այդ տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին, որու կարգավիճակը կասկածի տակ չի դրուիր»,-նշած է դեսպան Պրատքէն: Հարցին, թէ ինչու այդ սրացումն այս փուլին տեղի ունեցաւ, Ռոպերթ Պրատքէն նշեց, որ թերեւս փորձ տեղի կ’ունենայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու խնդիրին վրայ: Իր խօսքով, կ’ըլլայ իրավիճակ, երբ հակամարտութեան կողմերը կը սկսին կարծել, թէ միջազգային հանրութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն չի դարձներ խնդիրին վրայ: Ըստ Պրատքէի՝ այսպիսի պարագային առկայ է գայթակղութիւն, դիմելու ուժին: Դեսպանը նկատեց, որ ատիկա տեղի կ’ունենայ այն ժամանակահատուածին, երբ առկայ է համավարակ եւ տնտեսական ճգնաժամ ամբողջ աշխարհով:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ դերակատարութեանն ու յայտարարութիւններուն՝ դեսպանը նշեց, որ Թուրքիան սահմանակից է Հայաստանին ու փակած է սահմանը, ի պատասխան պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցածին: Ան ընդգծած է, որ անիկա շատ մօտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ, որու բնակչութիւնը ունի թրքական ցեղային ծագում:
«Պատմականօրէն հայ-թրքական յարաբերութիւնները այնքան ալ դրական չեն: Այնպէս, որ Թուրքիան, որքան ալ ցանականայ միջնորդական դեր ստանձնել, իրականութեան մէջ չի կրնար ընել այդ: Հայաստանը չի վստահիր Թուրքիոյ այն աստիճան, որ համաձայնի այդ առաքելութեան»,-ըսած է Պրաքտէ:
Դեսպանը յուսացած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ դերը պայմանաւորուած կ’ըլլայ զսպուածութեան գործօնով Ատրպէյճանին յիշեցնելու համար բացայայտ հակամարտութեան հետեւանքներու մասին:
«Յիշեցնելու այն աղէտներուն մասին, որ անխուսափելի կ’ըլլան բոլոր կողմերուն համար: Ան կը վերացնէ քաղաքական, տնտեսական որեւէ հեռանկար այս տարածաշրջանի համար: Յոյս ունիմ, որ Թուրքիան կը հասկնայ, ըլլալով Ատրպէյճանի կողմէն, որ պէտք է ճիշդ խորհուրդ տայ իր դաշնակիցին, կոչ ընելով ետ կանգնելու զինուած բախումէն եւ աշխատիլ խաղաղ գործընթացի վրայ: Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմը չի բխիր որեւէ մէկու շահերէն»,-նշած է դեսպանը: