Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլը Պէտք Է Անմիջապէս Դադրեցնէ Ատրպէյճանին Սպառազինութեան Վաճառքը․ Զոհրապ Մնացականեան

Իսրայէլը Պէտք Է Անմիջապէս Դադրեցնէ Ատրպէյճանին Սպառազինութեան Վաճառքը․ Զոհրապ Մնացականեան

by MassisPost

Իսրայէլը պէտք է անմիջապէս դադրեցնէ Ատրպէյճանին սպառազինութեան վաճառքը։ Այս մասին իսրայէլական The Jerusalem Post թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան։ Իր խօսքով, Ատրպէյճանին վաճառուած սպառազինութիւնը կ’օգտագործուի Հայաստանի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար։

Մնացականեան նշած է, որ չնայած Իսրայէլի ու Հայաստանի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն բարելաւուած են, Իսրայէլը շարունակած է մահացու սպառազինութեան վաճառքը Ատրպէյճանին, ինչ որ մեծ խնդիր է երկու երկիրներուն համար։

«Ատրպէյճանի հետ զէնքի առեւտուրը մահացու է, որովհետեւ Ատրպէյճանը երբեք չի երկմտում այդ զէնքերը քաղաքացիական ենթակառուցուածքների, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ օգտագործելիս։ Մենք մշտապէս արծարծելու ենք այս հարցը, դա միշտ մեր օրակարգի մասն է լինելու երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներում։ Իսրայէլը պէտք է դադարեցնի մահաբեր   առեւտուրը  Ատրպէյճանի հետ», – ըսած է Մնացականեան։

Անդրադառնալով յուլիսեան լարուածութեան օրերուն հայկական զինուժի կողմէ իսրայէլական անօդաչու սարքերու խոցման՝ Մնացականեան ըսած է, որ Հայաստան Ատրպէյճանի դէմ գործած է անկախ զէնքի ծագման երկրէն։ «Մեր զինուժը չեզոքացրել է Ատրպէյճանական զէնքերն անկախ դրանց ծագման վայրից», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment