Home ԳՐԱԿԱՆ Հ.Բ.Ը. Միութեան Հաճընի Որբանոցը, 1919-1920

Հ.Բ.Ը. Միութեան Հաճընի Որբանոցը, 1919-1920

by MassisPost

Հաճնոյ հերոսամարտի 100ամեակի ծիրէն ներս, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւնը աւելի քան տարի մը առաջ լծուեցաւ համապատասխան շուքով նշելու պատմական այս իրադարձութիւնը:

Ծրագրուած եւ ընթացքի մէջ են յուշարձանի բացումի եւ հերոսամարտի գիտաժողովի աշխատանքները, մատաղօրհնէքի եւ պատարագի արարողութիւնները՝ Անթիլիասի, Էջմիածնի, Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Հաճըն աւանին մէջ, ուխտագնացութիւնը՝ պապենական Հաճըն եւ գիրքերու հրատարակութիւնը: Արդէն իսկ կը գործէ հայրենակցականի դիմատետրը.- Compatriotic Union of Hadjin – Lebanon.

Այս ծիրին մէջ, այս օրերուն Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հաճընի Որբանոցը 1919-1920, 288 էջանի երկլեզուեան (հայերէն եւ անգլերէն) հատորը:

Այս որբանոցը կազմուած էր Դամասկոսի մէջ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն իսկ առաջ: Զինադադարի շրջանին, ՀԲԸՄ Գահիրէի ղեկավարութիւնը պատեհ կը տեսնէ անոր փոխադրութիւնը Հաճըն: Որբանոցը իր 66 որբերով կը վերահաստատուի Հաճըն, ուր նոր որբեր կ’ընդգրկուին, ընդհանուր թիւը հասցնելով 212ի: Անտուն ու անտէր որբեր պատսպարելու կողքին, որբանոցը կը լծուի կրթական առաքելութեան, կը նպաստէ նաեւ վերականգնող Հաճընի կենսունակութեան:  Միամեայ խաղաղ կեցութենէ ետք, սակայն, Հաճընի պաշարումով որբանոցը եւ արծուեբոյնը կը դիմագրաւեն օրհասական օրեր: Պատանի որբանոցայիններու խումբ մը կը ստանձնէ զինամթերքի փոխադրութեան  եւ հաղորդակցութեան պարտականութիւնները:

Ութամսեայ հերոսական դիմադրութենէ ետք, սիրուն Հաճընը կը գրաւուի թուրք հրոսակներու կողմէ: Հաճըն վերադարձած շուրջ 7000 հաճընցիներ կը ջարդուին, կը կոտորուին նաեւ Հաճընի ՀԲԸՄիութեան որբանոցայինները: Նախճիրէն կ’ազատին ութ որբանոցայիններ, միքանի պաշտօնեաներ եւ ոչ աւելի քան 400 հաճընցիներ:

Հատորը կը ներկայացնէ որբանոցայիններուն դիմապատկերը.-  անոնց լուսանկարը, ծննդավայրը, աքսորավայրը, որբանոց մուտքի թուականը, ծնողքի եւ հարազատներու ճակատագիրը եւ որբին նիւթական հոգածութիւնը ստանձնած բարերարին (անհատ/հաստատութիւն/վարչութիւն) անունը:

Գիրքին ներածականին մէջ ներկայացուած են ծննդավայր վերադարձի, ապա եւ Հաճնոյ վերականգնումի շուրջ երկամեայ պատմութիւնը, ՀԲԸՄիութեան որբանոցի բնակչութեան հաւաքական դիմապատկերը, հերոսամարտի դրուագներ եւ մարտիրոսութիւնը: Գիրքին վերջաւորութեան տրուած է անուանացանկը որբանոցայիններուն: Քարտէսներով  ներկայացուած են որբանոցայիններուն ծննդավայրերն ու աքսորավայրերը, եւ ինքնապաշտպանութեան գործողութիւններուն դիրքերը, նաեւ միքանի նկարներ:

Գիրքին  ներածականը եւ   ծանօթագրութիւնները գրած է Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Գիրքը կը հանդիսանայ Եղեռնին հետեւանքով տասանորդուած, սակայն իր մէջ աներեւակայելի ուժ ունեցող հայ ժողովուրդին վերականգնումի անհաւատալի ճիգին մէկ պատմութիւնը:

Տիար Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ լոյս տեսած այս հատորին պիտի յաջորդեն ուրիշներ:

Այս եւ յաջորդող հատորներու շնորհանդէսները, գիտաժողովը, յուշակոթողի բացումը, մատաղօրհնէքները, հոգեհանգիստեան արարողութիւնները եւ ծրագրուած այլ ձեռնարկներ գործադրութեան պիտի դրուին անմիջապէս որ ներկայ համավարակի պայմանները թոյլատու ըլլան:

Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւն,
Լիբանան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment