Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Բախումներ՝ Ռուսաստանի Մայրաքաղաքի Փողոցներուն Մէջ

Հայ-Ատրպէյճանական Բախումներ՝ Ռուսաստանի Մայրաքաղաքի Փողոցներուն Մէջ

by MassisPost

Մինչ մոսկովեան առեւտուրի կեդրոններու եւ շուկաներու ատրպէյճանական ծագում ունեցող սեփականատէրերը կը հրաժարին հայկական ապրանքէն, հայ-ատրպէյճանական բախումներ տեղի կ’ունենան արդէն Ռուսաստանի մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ:

Ռուսաստանեան մամուլը այսօր՝ Յուլիս 24-ին գրած է, որ Մոսկուայի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ծեծկռտուքը աւարտած է զանգուածային ձերբակալութեամբ: “Московский Комсомолец”-ը «Moscow Komsomolets»-ը յայտնած է, որ Մոսկուայի Մարյինօ շրջանի մէջ այս գիշեր բախում տեղի ունեցած է ատրպէյճանցիներու եւ հայերու միջեւ, որ ատրպէյճանցիները կը ջարդէին հայկական պետական համարանիշերով ինքնաշարժներ: Թերթը կը յայտնէ նաեւ քանի մը տուժածներու մասին, եւ որ Մոսկուայի ոստիկանութիւնն ու «Ռոսկուարտիա»-ն ձերբակալած են 13 մարդ: Նոյն “Московский Комсомолец”-ը «Moscow Komsomolets»-ը յայտնած է նաեւ, որ աւելի վաղ Մարյինօ շրջանի այգիներէն մէկուն մէջ, խումբ մը հայեր ծեծած են ատրպէյճանցիի մը :

Ռիա Նովոսդի գործակալութեան տուեալներով՝ Մոսկուայի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ծեծկռտուքի 13 մասնակիցները, ծեծկռտուքի ժամանակ վիրաւորուած է մէկ մարդ: Այս մասին գործակալութեան յայտնած է Ներքին գործոց նախարարութեան Մոսկուայի գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ աւելցնելով, թէ ծեծկռտուքը տեղի ունեցած է Յուլիս 23-ի ուշ երեկոյեան Փերերուայ փողոցը: Ծեծկռտուքի մասնակիցներէն մէկուն հիւանդանոց տեղափոխած են ուսի կտրուած վէրքով:

Համացանցով այս գիշեր տարածուած են տեսանիւթեր, ուր կ’երեւի, թէ ինչպէս խումբ մը մարդիկ կը յարձակին հայկական պետական համարանիշով ինքնաշարժին եւ ինքնաշարժին մէջ նստող տղամարդուն վրայ. մէկ այլ տեսանիւթի մէջ ալ կ’երեւի, թէ ինչպէս խումբ մը երիտասարդներ հայհոյելով կը ծեծեն տարեց մարդու մը եւ կը պահանջեն, որ ան պատասխանէ, թէ որու կը  պատկանի Ղարաբաղը:

Ռուսաստանի միաւորուած հայերու կազմակերպութեան ղեկավարներէն մէկը՝ Դաւիթ Տոնոյեան, «Ազատութեան» յայտնեց վերջին տեղեկութիւնները յարձակումներու եւ ձերբակալուածներու մասին. – «Յարձակումներէն մէկ ժամ յետոյ Մոսկուայի ոստիկանութեան եւ ծառայութեան ստորաբաժանումները աշխուժ զբաղուում էին ձերբակալութիւններով: Մինչեւ առաւօտ, մեր տեղեկութիւններով, եղել է մօտ 50 ձերբակալում ատրպէյճանցիների: Այս պահին այդ հատուածներում, այդ շրջաններում Մոսկուայի, որտեղ եղել են դէպքերը գիշերը, աշխուժ ծառայութիւն են տանում ոստիկանութեան ծառայողները, աշխատողները՝ ամէն փողոցի վրայ»:

Տոնոյեան յայտնեց, որ իրենց տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցած է անձերու վրայ նուազագոյնը հինգ յարձակում, հիմնականօրէն Մոսկուայի հարաւային շրջաններու մէջ, ու եղած են քանի մը դէպքեր Մոսկուայի մարզի քաղաքներուն մէջ: Մէկ հայ երիտասարդի դանակահարած էին՝ «գտնուում էր գիշերը հիւանդանոցում, բայց վիճակը նորմալ է»:

«Դեռ, մեր տեղեկութեամբ, միայն ատրպէյճանցիք են ձերբակալուած», – նաեւ փոխանցեց Դաւիթ Տոնոյեան:

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է երկխօսութիւն սկսելու եւ տեղիք չտալու ծայրայեղականներու սադրանքներուն: Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. – «Այսօր Ռուս ուղղափառ եկեղեցին հակամարտութեան երկու կողմերին երկխօսութեան կոչ է անում: Կոչ եմ անում չհետեւել այն ուժերին, որոնց ձեռնտու է Կովկասում լարուածութեան ուժեղացումը»:

Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով հանդիպումներ ունեցած էր երկրի ատրպէյճանական եւ հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու` Food City առեւտուրի կեդրոնի սեփականատէր Կոտ Նիսանովի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ՝ Արա Աբրահամեանի հետ: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած կարճ հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուած է ՌԴ տարածքին ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համաձայնութեան պահպանման գործով ատրպէյճանական եւ հայկական համայնքներու դերը, գործող օրէնսդրութեան համապատասխան: Այլ մանրամասնութիւններ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը չէ յայտնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment