Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 439-ով՝ հասնելով 35693-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 16 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Այսօր՝ Յուլիս 22-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 560-ով եւ հասած 24766-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1718 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 149898-ի:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 678-ի, եւս 217 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 10032 մարդ: