Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ալիեւի Վարչակազմը Դիմած է Բռնաճնշումներու Ատրպէյճանի Ընդդիմութեան Դէմ

Ալիեւի Վարչակազմը Դիմած է Բռնաճնշումներու Ատրպէյճանի Ընդդիմութեան Դէմ

by MassisPost

Ատրպէյճանի առաջատար ընդդիմադիր ուժերէն՝ «Ազգային ճակատ» կուսակցութիւնը Ալիեւի վարչակազմէն կը պահանջէ վերջ տալ Հայաստանի հետ պատերազմի պահանջով ցոյցերուն մասնակցած աքթիւիստներու ձերբակալութիւններուն: Այս մասին ըսուած է քաղաքական ուժի յայտարարութեան մէջ:

«Պատերազմական կոչերով փողոց դուրս եկած ատրպէյճանցիներու ցոյցը Ալիեւի վարչակազմը կ’օգտագործէ ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական աքթիւիստներու դէմ նոր բռնաճնշումներու համար։ Ցաւօք, Յուլիս 14-15-ի ցոյցերը թոյլատրած է անձամբ Իլհամ Ալիեւը», – մասնաւորապէս ըսուած է ատրպէյճանական ընդդիմութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ալի Քերիմլիի գլխաւորած երկրի ամենատարեց քաղաքական ուժը կը յիշեցնէ, որ բազմամարդ այդ ցոյցէն ետք, Յուլիս 15-ին, կառավարութեան անդամներու հետ հանդիպումին, նախագահ Ալիեւ ընդդիմութիւնը, մասնաւորապէս «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութիւնը մեղադրած է ցոյցի աւարտին սադրանքներ հրահրելու մէջ: Ան նաեւ իրաւապահներուն յանձնարարած է հետաքննել քաղաքական այդ ուժի անդամներու գործունէութիւնը, անոր կարգին` ընկերային ցանցերով եղած հրապարակումները:

Նախագահի յանձնարարութենէն անմիջապէս յետոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան խումբ մը անդամներ յայտնուեցան ճաղերուն ետեւ, «բերման ենթարկուեցան նաեւ ընդդիմադիր աքթիւիստներ, որոշ անձեր աւելի ուշ ազատ արձակուեցան, սակայն ձերբակալութիւնները կը շարունակուին», տեղեկացուցած է «Թուրան» գործակալութիւնը: «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան երկու անդամներուն՝ Ասիֆ Եուսիֆլիին եւ Սեյմուր Ահմետզատէին, մեղադրանք առաջադրուած է եւ անոնք կալանաւորուած են։ Ընդ որում, ինչպէս նշած է «Թուրանը», մեղադրեալի աթոռին յայտնուած ընդդիմադիրներէն մէկը, ղարաբաղեան պատերազմի վեթերան Եուսիֆլին, վերջերս ազատ արձակուած է բանտէն, 5 տարի այնտեղ անցնելէն յետոյ. – «Ցաւօք, Յուլիս 15-ի ելոյթը Իլհամ Ալիեւի առաջին ատելութեան ելոյթը չէ Ազգային խորհրդի եւ «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան դէմ: Մարտ 19-էն ի վեր իր գրեթէ բոլոր ելոյթներուն, ան նոյն յարձակողականութիւնը կը դրսեւորէ ընդդիմութեան նկատմամբ: Այդ պահէն սկսեալ, աւելի քան երեք տասնեակ լրագրողներ, հասարակական եւ քաղաքական աքթիւիստներ, անոնց կարգին` 22 կուսակիցներ ձերբակալուած եւ պատժուած են», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ընդդիմադիր ուժը կը շեշտէ, որ Ղարաբաղը վերադարձնելու պահանջով ցոյցին, կուսակցութիւնը լիովին աջակցած է, սակայն որեւէ կերպ չէ մասնակցած անոր կազմակերպման, որպէսզի իշխանութիւններուն առիթ չտայ այդ ամէնը ընդդիմադիրներու դէմ օգտագործելու համար:

«Բայց իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ կառավարութիւնը ինքը կը սադրէ եւ կը ճնշէ առանց որեւէ առիթի», – յայտարարած է ատրպէյճանական ընդդիմադիր կուսակցութիւնը, կոչ ընելով Ալիեւի վարչակազմին անյապաղ ազատ արձակելու ընդդիմադիրները եւ միւս անմեղ մարդիկը, որոնք ձերբակալուած են այդ ցոյցերու ժամանակ:

Մէկ այլ ընդդիմադիր առաջնորդ՝ Ազգային խորհուրդի ղեկավար՝ Ճամիլ Հասանլին, անընդունելի համարելով երկրի նախագահի կոշտ ձեւակերպումները, ի պատասխան ըսած է. – «Սեփական երկրին մէջ թշնամիներ փնտռելու փոխարէն, իշխանութիւնները թող դիւանագիտութիւն գործադրեն  եւ կանխեն Ուաշինկթոնի մէջ հայկական սփիւռքի նախաձեռնած հակաատրպէյճանական փաստաթուղթերու ընդունումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment