Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԳՆ Խօսնակը Հաստատած Է. Հայաստանի Ու Ռուսաստանի Ռազմական Ներկայացուցիչներու Մակարդակով Հաղորդակցութիւն Եղած Է

ԱԳՆ Խօսնակը Հաստատած Է. Հայաստանի Ու Ռուսաստանի Ռազմական Ներկայացուցիչներու Մակարդակով Հաղորդակցութիւն Եղած Է

by MassisPost

Արդէն երրորդ օրն է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ յարաբերական անդորր է։ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ անցեալ գիշեր ատրպէյճանական կողմը սահմանի առանձին հատուածներու մէջ, հրաձգային զինատեսակներէն կրակի դադրեցման ռեժիմը խախտած է 9 անգամ ու ոչ միայն Տաւուշի ուղղութեամբ։

«Մասնաւորապէս Ճամպարակի ուղղութեամբ են եղել կրակոցներ, օգտագործուել է ինքնագործ նռնականետ, դիպուկ կրակոցներին մեր զինուած ուժերը պատասխանել են թիրախային դիպուկ կրակով եւ արդիւնքում լռեցրել», – ըսաւ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Պաշտպանական գերատեսչութեան տեղեկացումով՝ Ատրպէյճանէն անկանոն կրակ արձակուած է նաեւ Վայոց Ձորի Խնձորուտ եւ Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակ գիւղերուն մօտ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, սակայն անոնց հայկական կողմը չէ պատասխանած ։

Արդեօք վերջին օրերու յարաբերական անդորրը կողմերու պայմանաւորուածութեան արդիւնքն է, Հայաստանի արտաքին գերատեսչութենէն փակագիծեր չեն բանար, միայն կ’ակնարկեն անոր մասին։

Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան Ազատութեան հետ զրոյցին, հաստատեց, որ  հաղորդակցութիւն եղած է երկու կողմերու միջեւ, ռազմական ներկայացուցիչներու մակարդակով, թէ յստակ որոնք խօսած են, Նաղտալեան՝ չյստակացուց։ «Շաբաթ օրը կայացած ճեպազրոյցի ընթացքում ես արդէն իսկ առիթ եմ ունեցել անդրադառնալ այս հարցին` նշելով, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը աշխուժօրէն ներգրաւուած է եղել, մասնաւորապէս ՌԴ համանախագահը: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը շարունակական կապի մէջ է եղել իր ռուս գործընկերոջ հետ, շփումներ են եղել նաեւ 2 երկրներու զինուորականների մակարդակով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment