Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Գնած Է «Ռեմտեսիվիր» Դեղամիջոցի Խմբաքանակ

Հայաստանը Գնած Է «Ռեմտեսիվիր» Դեղամիջոցի Խմբաքանակ

by MassisPost

Նախորդ օրուայ ընթացքին, 1273 հետազօտութիւններէն «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 349 մարդու մօտ, առողջացած է 605-ը, մահացած՝ քրոնիկական հիւանդութիւն ունեցող 12 անձ, եւս 5-ին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն այլ պատճառով մահացած են, տեղեկացուց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Վարակուածներու հաստատուած դէպքերու ցած թիւը, ըստ նախարարին, պայմանաւորուած է կիրակի եւ երկուշաբթի օրերուն աւելի քիչ թիւով հետազօտութիւններ կատարուելուն հետ։ Իսկ երեքշաբթիէն սկսեալ թիւը կրկին կը սկսի աճիլ։

Հայաստան հակաժահրային «Ռեմտեսիվիր» դեղամիջոցի խմբաքանակ գնած է, որ երկիր  կը հասնի մօտ 10 օրէն,  յայտարարեց  Թորոսեան։

Ըստ մասնագէտներուն՝ «Ռեմտեսիվիրը» կը զսպէ ժահրին բազմանալու համար անհրաժեշտ ներխմորը եւ այդպիսով կը կասեցնէ հիւանդութեան հետագայ զարգացումը։ Այս տարուայ ընթացքին, տարբեր երկրիներու մէջ փորձնական կարգով «Ռեմտեսիվիր» ներարկած են նոր «Քորոնա» ժահրով ախտահարուածներուն։ Արդիւնքը կը վկայէ դեղամիջոցի բաւական բարձր արդիւնաւէտութեան մասին։ Ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան ազգային ինսթիթութի ապրիլեան զեկոյցին, «Ռեմտեսիվիր»-ի շնորհիւ, Covid-19-ով հիւանդը միջին հաշուով 15 օրուայ փոխարէն 11 օր մնացած է հիւանդանոց:

Ինչ կը վերաբերի պատուաստին, Թորոսեան ըսաւ, որ անոնք պիտի գտնուին եւ միակ միջոցն են, թոյլ տալու վերադառնալու առանց դիմակներու կեանքին։ Այս պահուն, աշխարհին մէջ կը մշակուի մօտ 200 պատուաստանիւթ, որոնցմէ 20-ը մեծ հնարաւորութիւն ունին դառնալու վերջնական արտադրանք, նշեց նախարարը, աւելցնելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւս բանակցութիւններ կը վարէ արտադրողներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ։

«Բոլորը փորձում են դեռ չարտադրուած եւ դեռ չհաստատուած պատուաստանիւթերի խմբաքանակներ գնել, նոյնիսկ, տարբեր տեղեկութիւններով, գումարը նախապէս վճարելով: Ի հարկէ, բանակցութիւնների մեծ մասը գաղտնիութեան քողի տակ են գնում, սակայն մենք որոշել ենք առնուազն սկսել այդպիսի խօսակցութիւններ թէ՛ ուղիղ արտադրողների հետ, որից մէկի մասին խօսեցինք, թէ՛ հաւաքական գնորդների հետ, ինչպիսիք են, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը, ԱՀԿ-ն (Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն), ԳԱՎԻ-ն (Պատուաստումներու եւ պատուաստանիւթերու համաշխարհային դաշինք), որոնք կարող են միանգամից 100 երկրի համար գնել մեծ խմբաքանակ եւ հաւասարաչափ բաշխել», – նշեց Թորոսեան:

Նախարարը նշեց, որ առաջիկային, պետական պատուէրի ծիրէն ներս կատարուած հետազօտութիւններու քանակը կը հասնի օրական մօտ 3000-ի: Անոր զուգահեռ աշխատող մասնաւոր տարրալուծարաններու հետազօտութիւններու թիւն ալ միասին, հնարաւոր է, որ օրական տեղի ունենայ 4000 հետազօտութիւն։ Կ’աւելնայ նաեւ տարրալուծարաններուն թիւը։ Այժմ կը կատարուի մինչեւ 2500 հետազօտութիւն։

Թորոսեան ըսաւ, որ  հիւանդանոցներունն մէջ  ազատ մահճակալներու խնդիրը տակաւին  առկայ է կը մնայ զբաղուած։ Այդ իսկ պատճառով՝ «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան դէմ պայքարին կը միանան նաեւ նոր հիւանդանոցներ:

Արդեօք կրկնակի վարակի դէպքեր կը պատահի՞ն, հարցին պատասխանը դեռ չկայ: Հայաստանի մէջ մինչ այս պահը, նախարարի տեղեկացումով՝ նման դէպք արձանագրուած չէ։ Ան ըսաւ, որ առնուազն պէտք է զգոյշ ըլլալ, քանի որ նոյնիսկ, եթէ մարդը վարակուած ու ապաքինուած է, այդ դեռ 100 տոկոսանոց երաշխիք չէ, որ երկրորդ անգամ չվարակուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment