Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կարող է Չորրորդ Անգամ Երկարաձգել Արտակարգ Դրութիւնը Փաշինեան

Հայաստան Կարող է Չորրորդ Անգամ Երկարաձգել Արտակարգ Դրութիւնը Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակի հետ կապուած իրավիճակը կը շարունակուի մնալ ծանր, պարէտատան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ վարչապետին` ծանրաբեռնուած պայմաններու մէջ առողջապահական համակարգը կը շարունակէ աշխատիլ: Վարչապետը ընդգծեց, որ այսպիսի վատ լուրեր կը ստացուին ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ աշխարհի շատ այլ երկիրներէն եւ մասնաւորապէս տարբեր երկիրներու մէջ, որոնք կը յայտարարէին, որ վերահսկողութեան տակ է համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակը եւ նոր ալիք կը սկսի:

Ան նշեց, որ պէտք է անընդհատ քաջալերել քաղաքացիները պահպանելու համար հակահամաճարակային կանոնները:

«Այն պահին, երբ տեսնենք, որ մեր առողջապահական համակարգը չի կարողանում այլեւս, ի վիճակի չի թէկուզ այսպիսի ծայրայեղ լարուածութեան պայմաններում սպասարկել քաղաքացիներին, այլ ելք չենք ունենալ, քան վերադառնալ սահմանափակումների ռեժիմի եւ ընդհակառակը` աւելի խիստ սահմանափակումներ կիրառել` այս իրավիճակը յաղթահարելու համար», – յայտարարեց վարչապետը, աւելցնելով, որ շատ լաւ կը գիտակցի, որ ատիկա տնտեսութեան վրայ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, եւ յուսով է, որ անոր կարիքը չզգացուիր քաղաքացիներու վարքականոնի ու գիտակցութեան փոփոխութեան արդիւնքով:

Հարցին, թէ արդեօք կառավարութիւնը կը պատրաստուի չորրորդ անգամ երկարաձգել «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած, Մարտ 14-ին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ռեժիմը, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. – «Մենք հասկանում ենք, որ չենք կարող անվերջ արտակարգ դրութիւնը երկարացնել, ըստ ամենայնի եթէ ամէն ինչ այսպէս գնայ, առնուազն հիմա մենք կ’երկարացնենք, բայց նաեւ արտակարգ իրավիճակների մասին օրէնսդրութիւնը կը փորձենք կատարելագործել այնպէս, որ կարողանանք արտակարգ դրութեան ռեժիմի վերացման պայմաններում գործիքներ ունենալ արտակարգ իրավիճակների կանոնում որոշակի հակահամաճարակային քաղաքականութիւն վարել: Այո, մենք էլ քննարկում ենք, որ չենք կարող անընդհատ արտակարգ դրութիւնը երկարացնել, դա խնդիր է բոլոր առումով, բոլորիս համար խնդիր է, բայց միւս կողմից` չենք կարող համաճարակային իրավիճակը հաշուի չառնել, այնպէս որ այստեղ մենք կը փորձենք գալ հնարաւորինս հաւասարակշռուած լուծումների: Բայց ամէն ինչ տանում է նրան, որ մենք առաջիկայում կ’երկարացնենք առնուազն մէկ անգամ արտակարգ դրութիւնը»:

Հայաստանի մէջ, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 330-ով՝ հասնելով 28936-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան նոր 7 դէպք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment