Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ-ը ՍԴ-էն Խնդրած է Յետաձգել Յուլիս 7-ին Նշանակուած Քոչարեանի Գործի Քննութիւնը

ԱԺ-ը ՍԴ-էն Խնդրած է Յետաձգել Յուլիս 7-ին Նշանակուած Քոչարեանի Գործի Քննութիւնը

by MassisPost

Ազգային ժողովի ներկայացուցիչը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Սահմանադրական Դատարանին խնդրելով յետաձգել Յուլիս 7-ին նշանակուած գործի քննութիւնը, խորհրդարանին տրամադրել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) եւ Վենետիկի յանձնաժողովի խորհրդատուական կարծիքներու հայերէն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ ողջամիտ ժամկէտ՝ այդ կարծիքներուն ծանօթանալու համար։ Այս մասին Ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան:

Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական դատարանը Յուլիս 7-ին նշանակած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ, սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումին հիման անոր Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցի քննութեան մեկնարկը:

300.1 յօդուածի վերաբերեալ խորհրդատուական կարծիքներ յայտնած են Վենետիկի յանձնաժողովը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, որոնց դիմած էր Սահմանադրական դատարանը:

Այդ յօդուածով է, որ «Մարտ 1»-ի գործով կը մեղադրուի Հայաստանի նախկին նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment