Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ոստիկանները Արգիլած են ՍԴ-ի Նախկին Անդամ՝ Հրանդ Նազարեանը Մտնելու Սահմանադրական Դատարան

Ոստիկանները Արգիլած են ՍԴ-ի Նախկին Անդամ՝ Հրանդ Նազարեանը Մտնելու Սահմանադրական Դատարան

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) դռները փակուած են նախկին դատաւոր Հրանդ Նազարեանին առջեւ։ Ոստիկանները առաւօտեան արգիլած են շուրջ 25 տարի ՍԴ-ի դատաւոր աշխատած Նազարեանը անցակէտէն առաջ անցնելու՝ հիմնաւորելով, թէ իր լիազօրութիւնները դադրեցուած են։
Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը պարզաբանեց, թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները ուժի մէջ են Յունիս 26-էն։ Այս կը նշանակէ, որ 12 տարի պաշտօնավարած դատաւորներու՝ Հրանդ Նազարեանի, ֆելիքս Թոխեանի, Ալվինա Կիւլումեանի լիազօրութիւնները դադրեցուած են։
Հրանդ Նազարեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտարարած էր, թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները կատարուած են օրէնքի խախտումով:
«Ի հարկէ, արուելու են համարժէք քայլեր մեր ակնյայտ խախտուած իրաւունքները վերականգնելու ուղղութեամբ: Չմանրանամ, թէ որ իրաւունքն է խախտուել, որ դէպքում է խախտուել, ես ասացի՝ առարկայական իրաւունքը, դատաւորի անկախութեան չափանիշներն են խախտուել, որոնք Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան (ՄԱԿ) շրջանակներում են եւ Եւրոպայի խորհրդի շրջանակներում ընդունուած դատաւորի անկախութեան չափանիշները, այսինքն՝ բազմաթիւ են դրանք», – ըսած է Նազարեան:
Ոտնահարուած են իր իրաւունքները եւ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի զանոնք վերականգնելու համար, ընդգծած է Հրանդ Նազարեան:
Ոտնահարուած իրաւունքներու մասին բարձրաձայնած էին նաեւ պաշտօնանկ եղած Ֆելիքս Թոխեանն ու Ալվինա Կիւլումեանը, յայտարարելով, որ մինչեւ եւրոպական ատեաններ պիտի երթան արդարադատութեան հասնելու համար։
«Բնականաբար, ես ո՛չ գնալու եմ ոստիկանի հետ պայքարեմ շէնք մտնելու համար, ես ո՛չ գնալու եմ ասեմ՝ ես եկել եմ դատական նիստին մասնակցելու, ես ասում եմ, որ իմ լիազօրութիւնները դադարեցուած համարուել չեն կարող», – նշած է Կիւլումեան:
Սահմանադրական փոփոխութիւնները ուժի մէջ մտնելէն ետք ՍԴ-ի որպէս նախագահ դադրեցուած է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարումը։ Ան կը շարունակէ աշխատիլ որպէս դատաւոր։ Այս փոփոխութիւններէն յետոյ նոր ձեւաւորուող կազմին մէջ կը շարունակեն աշխատանքը Արեւիկ Պետրոսեան, Արայիկ Թունեան եւ Աշոտ Խաչատրեան։ Վերջինս որպէս տարիքով աւագ դատաւոր ժամանակաւորապէս ստանձնած է բարձր դատարանի նախագահի պարտականութիւնները մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը։
Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներու թափուր պաշտօններու առաջադրումները կը սկսին երկամսեայ ժամկէտով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment