Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութեան Հրաժարականը Պահանջողներու Տխուր Վիճակը

Կառավարութեան Հրաժարականը Պահանջողներու Տխուր Վիճակը

by MassisPost

Հայաստանի արտախորհրդարանական ընդդիմութեան միացած է երկրի ամենէն հարուստ մարդը նկատուող Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած եւ Խորհրդարանի երկրորդ ուժը հանդիսացող՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, պահանջելով վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը:

Որպէս ընդդիմութիւն բնականաբար որեւէ կուսակցութիւն կամ խմբաւորում իրաւունք ունի պահանջելու կառավարութեան հրաժարականը: Սակայն, խորհրդարանական կառավարման պայմաններուն տակ, կառավարութեան հրաժարականը չի նշանակեր, որ տեղի կ՛ունենայ իշխանափոխութիւն: Մինչեւ այն ատեն որ Ազգային Ժողովէն ներս գոյութիւն ունի մեծամասնութիւն, եւ ան է որ կը որոշէ յաջորդ վարչապետի անձը եւ կառավարութեան կազմը:

Վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու որ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը միատարր է եւ ներքին պառակտումներու մասին խօսակցութիւնները չափազանցուած են: Այս փաստուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանի անձեռմխելիութեան շուրջ տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, երբ «Իմ Քայլի» պատգամաւորները միաձայնութեամբ ընդառաջեցին Գլխաւոր Դատախազի դիմումին:

Վարչակարգը փոխելու երկրորդ դասական ձեւը փողոցի միջոցաւ իշխանութեան տապալումն է՝ ստիպելով որ կայանան արտահերթ ընտրութիւններ: Հոս եւս ի յայտ եկաւ, որ ընդդիմութիւնը չունի բաւարար կարողութիւններ եւ միջոցները, ընդհակառակը ժողովրդային աջակցութեան հսկայ բաց ունի, երկրէն ներս փողոցի միջոցաւ իրավիճակ փոխելու համար: Այս եւս փաստուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանի հետ կապուած իրադարձութիւններուն ժամանակ: Ընդդիմութիւնը մեծ յոյսեր ունէր, որ Խորհրդարանի որոշումէն ետք ժողովուրդը հազարներով դուրս կու գայ բողոքելու եւ պահանջելու իշխանափոխութիւն: Սակայն, գետնի վրայ այլ վիճակ պարզուեցաւ երբ դատարանի մօտ Ծառուկեանին աջակցելու եկած էին մի քանի հարիւր հոգի:

Ընդդիմութիւնը յոյս կապած էր նաեւ Սահմանադրական Դատարանի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ, սակայն այդ եւս չիրականացաւ եւ ակնկալուած բողոքի ալիքը չիրականացաւ:

Ժամանակէ մը իվեր Հայաստանի ընդդիմութիւնը կ՛ապրի պղպջակներու մէջ եւ իր իսկ ստեղծած ապատեղեկատուութեան հաւատալով անոնք համոզուած են, որ իրենց լրատուամիջոցներով, «իրաւապաշտպաններով» եւ քաղաքական մեկնաբաններով յաջողած են հանրային կարծիք ձեւաւորել՝ ի նպաստ իրենց ու Փաշինեանի վարկանիշը այնքան ինկած է որ, ո՞ւր որ է ժողովուրդը պիտի ընդվզի ու ոտքի կանգնի:

Արցախը յանձնելու, տնտեսական փլուզումի, քաղաքական հալածանքներու, սահմանադրութեան ենթադրեալ խախտումներու եւ մաքսանենգութեամբ զբաղուելու մասին իշխանութիւններու հասցէին ամիսներ շարունակ տարածուած աղմուկը ժողովուրդի կողմէ անարձագանգ մնալէ ետք, այժմ կը յայտարարեն, որ երեք ամիսէն երկիրը պիտի մատնուի սովի:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին նոյն այս ակնկալութեամբ ու տրամաբանութեամբ իրենց պայքարը առաջ տանողները հեռու են հայ հասարակութենէն, ինչպէս որ էին իշխանութեան վրայ եղած ժամանակ ու ի վիճակի չեն հասկնալու ժողովուրդի բազկերակը: Անոնց քսանամեայ իշխանութեան բոլոր յոռի փառքերը՝ փտախտը, կաշառակերութիւնը, թալանը, տնտեսական մենաշնորհները, քաղաքական ճնշումները, կեղծուած ընտրութիւնները ու շատ ու շատ այլ երեւոյթներ տակաւին թարմ են բոլորի յիշողութեան մէջ:

Ինչպէս որեւէ կառավարութիւն, Փաշինեանի իշխանութիւնը եւս կը գործէ սխալներ ու կը յառաջացնեն դժգոհութիւններ: Սակայն, այդ բոլորը բաւարար չեն ժողովրդային հսկայ ալիք յառաջացնելու եւ դէպի նախկինը շրջադարձ կատարելու համար:

Հայաստանի ընդդիմադրութեան ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է որ, ի վիճակի չեն համախմբուելու, քանի որ անոնց պայքարը հիմնուած է անձնական ու տնտեսական շահերու ու նախկին կորսնցուցածին վերատիրանալու մարմաջին վրայ: Գաղափարական ու սկզբունքային ոչ մէկ նպատակ գոյութիւն ունի անոնց մօտ: Ընդդիմութեան մէկ մասը չուզեր հրապարակաւ առնչուիլ նախկին իշխող՝ Հանրապետական կուսակցութեան եւ Քոչարեանի հետ, զանոնք նկատելով խիստ թունաւոր: Մինչ ՀՀԿ-ն ինքզինք կը նկատէ ընդդիմութեան առանցքային ուժը, որուն շուրջ պէտք է համախմբուին միւս բոլորը:

Այս պայմաններուն տակ ընդդիմութեան համար կայ մէկ ճանապարհ՝ սպասել ու նախապատրաստուիլ յաջորդ ընտրութիւններուն, մինչ այդ փորձելով հանդէս գալ կառուցողական ու այլընտրանքային առաջարկներով ու ծրագիրներով: Նոյնիսկ այդ չապահովեր յաջորդ խորհրդարանէն ներս անոնց յայտնուիլը, իսկ իշխանութեան վերատիրանալը՝ առայժմ կը մնայ հեռաւոր պատրանք:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment