Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-ի Հակամարտութիւնը Ռազմական Լուծում Չունի. ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներ

ԼՂ-ի Հակամարտութիւնը Ռազմական Լուծում Չունի. ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներ

by MassisPost

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու համատեղ տեսակապով համաժողովէն յետոյ, Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան ներկայացնող համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր, մասնաւորապէս, ընդգծած են, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, գոհունակութիւն յայտնած են, որ կողմերը կը շարունակեն կիրառել ուղիղ հաղորդակցութեան ուղիները եւ մտահոգութիւն յայտնած են վերջին սադրիչ յայտարարութիւններուն եւ բորբոքիչ հռետորաբանութեան վերաբերեալ։

Էնտրիւ Շոֆերը, Իկոր Փոփովը եւ Սթեֆան Վիսքոնթին յայտարարած են, որ Զոհրապ Մնացականեանի ու Էլմար Մամետեարովի հետ քննարկած են տարածաշրջանի հանրային առողջապահական վիճակը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայի  շարժերը եւ խաղաղութեան գործընթացի յաջորդ քայլերը, շեշտած են բովանդակային բանակցութիւններուն եւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի խթանման եւ պահպանման կարեւորութիւնը։ Միջնորդները դրական գնահատած են  շրջանին մէջ իրավիճակի համեմատական կայունութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնած են, որ կողմերը կը շարունակեն կիրառել ուղիղ հաղորդակցութեան ուղիները, լարումէն խուսափելու համար։

Համանախագահները մտահոգութիւն յայտնած են, որ վերջին սադրիչ յայտարարութիւնները, բորբոքիչ հռետորաբանութիւնը եւ շրջանին մէջ իրավիճակը շոշափելիօրէն փոխելուն միտուած հնարաւոր քայլերը կրնան խարխլել կարգաւորման գործընթացը։

«Համանախագահները ընդգծել են, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Նրանք կողմերին կոչ են արել լրացուցիչ քայլեր ձեռնարկել՝ հրադադարը ամրապնդելու եւ բնակչութեանը խաղաղութեանը նախապատրաստելու համար։ Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնել են Յուլիսին եւս մէկ տեսակապով համաժողով անցկացնել, ինչպէս նաեւ հնարաւորութեան դէպքում որքան հնարաւոր է շուտ դէմ առ դէմ հանդիպել», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, երեկուայ տեսակապով համաժողովի ժամանակ Զոհրապ Մնացականեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէն հնչող ռազմատենչ եւ ապակառուցողական յայտարարութիւններու անթոյլատրելիութիւնը, նշելով, որ անոնք վնաս կը հասցնեն խաղաղ գործընթացի միջավայրին: Միաժամանակ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը կարեւորած է Արցախի ժողովուրդի համապարփակ անվտանգութեան շարունակական ապահովման անհրաժեշտութիւնը, անոնց կարգին՝ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի միջոցը:

Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, Էլմար Մամետեարովը բարձրացուցած է «Ատրպէյճանի բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ Հայաստանի ապօրինի գործունէութեան, ներառեալ ենթակառուցուածքային փոփոխութիւններու հարցը», աւելցնելով, որ «Հայաստանի սադրիչ գործողութիւնները կը յանգեցնեն հռետորաբանութեան սրացման»։

Մօտ մէկ շաբաթ առաջ զօրամասի բացման ժամանակ, Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը Հայաստանի հասցէին հանդէս եկաւ սուր յայտարարութիւնով, թէ «ներկայիս Հայաստանը ձեւաւորուած է Ատրպէյճանական հողերուն վրայ»՝ շարունակելով. – «Հայաստանի մէջ բռնապետութիւն կը տիրէ, եւ որքան երկար այդ շարունակուի, այնքան աւելի վաղ այնտեղի եղած խնդիրները կը հասնին ճգնաժամային կէտի»։

Ի պատասխան՝ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան նշած էր, թէ Ալիեւի ելոյթը ակնյայտօրէն կը վկայէ, որ այդ երկրի իշխանութիւնները կը տեսնեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւնները, որպէս իրենց իշխանութեան սպառնալիք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment