Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արաբական Մամուլը Լայնօրէն Անդրադարձած Է Արմէն Սարգսեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հարցազրոյցին

Արաբական Մամուլը Լայնօրէն Անդրադարձած Է Արմէն Սարգսեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հարցազրոյցին

by MassisPost

Արաբական ամենահեղինակաւոր՝ 1875 թուականին հիմնադրուած եւ օրական 1 մլն տպաքանակով լոյս տեսնող «Ալ Ահրամ» (Եգիպտոս) օրաթերթի Յունիս 25-ին հրապարակուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը լայն արձագանք գտած է արաբական աշխարհի այլ յայտնի լրատուամիջոցներուն մէջ: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Անոնցմէ ոմանք ոչ միայն անդրադարձած են հարցազրոյցին, այլեւ՝ իրենք ալ վերատպած են զայն, անգամ մը եւս բարձրաձայնելով Հայաստանի նախագահի խօսքը. «Մենք չենք կարող մոռանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ չենք կարող հաշտուել դրա հետեւանքների հետ: Մենք չենք կարող անտեսել զոհերի եւ վերապրածների տառապանքները եւ նրանց սերունդների համար պէտք է ապահովենք անվտանգ ու արժանապատիւ ապագայ»:

«Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի. Օսմանցիները իրականացրեցին պատմութեան մէջ ամենազարհուրելի Ցեղասպանութիւնը» վերնագիրով հարցազրոյցը մասնաւորապէս արտատպած է քրտական հեղինակաւոր ANF (Firat News Agency) լրատուական գործակալութիւնը:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ արտատպած է նաեւ սուրիական հեղինակաւոր «Ալազմինահ» պարբերականը:

Յիշեցնենք, որ հարցազրոյցին նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս խօսած էր Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւնը ճանաչելու կարեւորութեան եւ ցեղասպանութեան դասերուն մասին:

«Ցաւալի է գիտակցել, որ մարդկութիւնը դասեր չքաղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնից, այն մոռացուեց, երկար ժամանակ մնաց չճանաչուած ու չդատապարտուած, ինչը կարող էր կանխել մարդկութեան պատմութեան ընթացքում հետագայ նման ոճրագործութիւնները: Եւ մարդկութիւնը դրանից յետոյ նորից ականատես եղաւ այլ ցեղասպանութիւններու»: Նախագահ Սարգսեան հարցազրոյցին մասնաւորապէս ըսած էր « Իմ խորին համոզմամբ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն հայերիս համար է, այլ առաջին հերթին այն համամարդկային անանց արժէքների նկատմամբ մօտեցման հարց է, այդ չարիքը կանխարգելելու հարց: Հենց այս գիտակցութեամբ է առաջնորդուում Հայաստանն՝ իր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից մէկը սահմանելով ցեղասպանութիւնների կանխարգելումը եւ այս ուղղութեամբ աշխուժօրէն քայլեր ձեռնարկելով ազգային եւ միջազգային մակարդակներով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment