Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հետազօտութիւններու Շուրջ 35 Տոկոսը Դրական են

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հետազօտութիւններու Շուրջ 35 Տոկոսը Դրական են

by MassisPost

Վերջին օրուայ ընթացքին, 482 հոգիի մօտ հաստատուած է Covid-19-ը, այս 1398 հետազօտութիւններու արդիւնքներն են։ Այսինքն` «Քորոնա» ժահրը հաստատուած է հետազօտուուղներու մօտ 35 տոկոսին մօտ, հիմնականօրէն վարակուածութեան նման ցուցանիշ արձանագրուած էր նաեւ նախորդ շաբթուայ ընթացքին։

Վարակակիրներու ընդհանուր թիւը այսպիսով հասաւ 25 հազար 127-ի։ Առողջացածները այս անգամ քիչ են՝ 181 մարդ։ Մէկ օրուայ ընթացքին 7 մարդ մահացած է, մահերու ընդհանուր թիւը 433 է։ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 4 անձ ալ երէկ մահացած է այլ պատճառներով, ընդհանուր առմամբ՝ 143 մարդ։ Փաստացի այս պահուն բուժում կը ստանան 11 հազար 254 քաղաքացի:

Առողջպահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ քանի մը տասնեակ մարդ այս պահուն կը սպասէ հիւանդանոց տեղափոխուելու. – «Այսօր ժամը 9-ի դրութեամբ տանը ունենք 21 քաղաքացի, եւ այլ բժշկական կեդրոններում` դրանք կեդրոններն են, որտեղ ախտորոշումը եղել է «Քորոնա» ժահրի, եւ իրենք պէտք է տեղափոխուեն արդէն հիւանդանոց, նրանց թիւն էլ 72 է, եւ ընդհանուր թիւը 93 քաղաքացի այս պահին սպասում է  հիւանդանոց տեղափոխուելու»:

Հարցին, թէ եղա՞ծ է դէպք, որ չեն կրցած բոլորին նոյն օրը տեղաւորել, քանի որ դուրս գրուողներուն թիւը քիչ եղած է, մուտք գործել հնարաւոր չէ եղած, Նիկողոսեան պատասխանեց. – «Վերջին օրերին ոչ, վիճակագրութիւնը պահպանուում է, տանը դէպքեր չենք ունեցել, որ մնացել են, աշխատում ենք բոլոր հիւանդների հետքերով գնալ եւ բոլորին տեղաւորել հիւանդանոց»:

Չնայած աճող թիւերուն՝ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարող հիմնական հիւանդանոցներէն «Նորք»   հիւանդանոցի վարակաբան Նաիրա Ստեփանեան Հրայր Թամրազեանի «Կիրակնօրեայ վերլուծականի» ծիրէն ներս յայտնեց, որ վերջին 3 օրերու ընթացքին, իրենց դարմանատան մէջ «համեմատաբար թեթեւացած հոսք» արձանագրուած է. – «Ի հարկէ, մենք կարող ենք աւելի վստահ խօսել երկուշաբթի, երեքշաբթի օրերից յետոյ, որովհետեւ, որպէս կանոն, երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերն են լինում շատ ծանր, եւ եթէ երկուշաբթի եւ երեքշաբթի եւս լինի դանդաղ հոսք, քիչ հոսք, էդ դէպքում կարող ենք ասել, որ մենք գնում ենք դէպի նուազման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment