Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 459 նոր դէպք։ Առողջացած է 706 քաղաքացի։ Մինչեւ այսօր, բուժուածներու ամենամեծ թիւը արձանագրուած էր միայն Յունիս 17-ին՝ 746։
Երէկ՝ Յունիս 18-ին, կատարուած է մօտ 2000 հետազօտութիւն, որոնցմէ դրական եղած են շուրջ 24 տոկոսը։ Երէկ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 10 մարդ, բացի 57 տարեկան տղամարդէն, մնացածը ունեցած են ուղեկցող հիւանդութիւններ։ Վարակուած 9 մարդ ալ մահացած է այլ պատճառներով։
Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց. «Նախորդ օրն արձանագրուել է մահուան 9 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրի վարակը, սակայն մահը այլ հիւանդութեան պատճառով է վրայ հասել եւ այդպիսի դէպքերի ընդհանուր թիւը 110 է: Այսօրուայ մահացածների մէջ ամենաերիտասարդը 50-ամեայ կին է, իսկ ամենատարեցը՝ 94-ամեայ տղամարդ»:
Ընդհանուր առմամբ՝ մինչեւ այսօր «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 19157 դէպք արձանագրուած է, 8266 մարդ առողջացած է, փաստացի բուժուողներուն թիւը 10462 է, մահացած է 319 մարդ, իսկ այլ պատճառով մահուան դէպքերը՝ 110։ Առայսօր եղած է 91943 հետազօտութիւն։
Այսօր, Լիթուանիայէն Հայաստան պիտի ժամանեն 8 բուժաշխատող եւ 3 մասնագէտ։ Անոնք իրենց հետ պիտի բերեն նաեւ «Քորոնա» ժահրի հետազօտութիւններու միջոցներ ու բժշկական այլ անհրաժեշտ պարագաներ։ Հայաստանի եւ Սերպիոյ նախագահներու պայմանաւորուածութեան շնորհիւ, այսօր յատուկ չուերթով Հայաստան ժամանած է բժշկական պարագաներով ու սարքաւորումներով բեռնուած առաջին օդանաւը:
Շաբթուայ սկիզբը նաեւ Ֆրանսայէն բժիշկներու խումբ եկած էր Հայաստան, անոնք արդէն սկսած են գործունէութիւն ծաւալել «Քորոնա» ժահրի հիւանդներու բուժմամբ զբաղող հիւանդանոցները։ Կ’ակնկալուի, որ եւս 50 բժիշկ Հայաստան ժամանէ Ռուսաստանէն։