Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իմ Քայլը»-ի Պատգամաւորները ՍԴ Նախագահը եւ Դատաւորները Փոխարինելու Օրինագիծ Մշակած են

«Իմ Քայլը»-ի Պատգամաւորները ՍԴ Նախագահը եւ Դատաւորները Փոխարինելու Օրինագիծ Մշակած են

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան 50-էն աւելի պատգամաւոր Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահը եւ դատաւորները փոխարինելու օրէնքի նախագիծ մշակած է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ օրէնքի նախագիծը դեռեւս ընգրկուած չէ խորհրդարանի նիստերու օրակարգին մէջ, սակայն հրապարակուած է ԱԺ պաշտօնական կայքին վրայ:

Օրինագիծը ընդունուելու պարագային կը դադրի ՍԴ-ի դատաւորներ՝ Ալվինա Կիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի պաշտօնավարումը, իսկ ՍԴ-ի ներկայ նախագահ՝ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել՝ որպէս ՍԴ-ի անդամ:

Օրէնքի նախագիծով՝ մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի ուժի մէջ մտնելը, նշանակուած եւ Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօն գրաւած, ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը կը համարուի աւարտած եւ պաշտօնավարումը կը դադրի:

Մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի ուժի մէջ մտնելը, նշանակուած Սահմանադրական դատարանի անդամը, որու պաշտօնավարումը չի դադրիր սոյն յօդուածի 1-ին մասի ուժով, կը շարունակէ պաշտօնավարել որպէս Սահմանադրական դատարանի դատաւոր մինչեւ այդ պաշտօնին մէջ անոր պաշտօնավարման 12 տարին լրանալը, հաշուի առնելով նաեւ մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի ուժի մէջ մտնելը որպէս Սահմանադրական դատարանի անդամ պաշտօնավարած ժամկէտը:

Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու թափուր տեղերուն համար առաջադրումները կը կատարեն յաջորդաբար Կառավարութիւնը, Հանրապետութեան նախագահը եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովը: Սոյն յօդուածի 1-ին մասի հիմքով առաջացած, Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թափուր տեղերու համար առաջադրումները կը կատարուին թափուր տեղը առաջանալէն յետոյ, մէկ ամիս ժամկէտով:

Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնավարումը կը դադրի: Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէն յետոյ Սահմանադրական դատարանի նախագահը կ’ընտրուի Սահմանադրութեան 166-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով, որ տեղի կ’ունենայ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու, սոյն յօդուածի 1-ին մասի հիմքով առաջացած թափուր տեղերը համալրելէ յետոյ:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն պաշտօնական հրապարակումի յաջորդ օրուընէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment