Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանը 4.2 Միլիոն Տոլարի Գրաւի Դիմաց Ազատ Կարձակուի

Ռոպերթ Քոչարեանը 4.2 Միլիոն Տոլարի Գրաւի Դիմաց Ազատ Կարձակուի

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանին ազատ արձակելու համար սահմանուած գրաւի չափը Հայաստանի պատմութեան մէջ աննախադէպ է։ Այս մասին լրագրողներուն ըսաւ Քոչարեանի փաստաբան Արամ Վարդեւանեան։

Վերաքննիչ քրէական դատարանը որոշեց կալանքէն ազատել Ռոպերթ Քոչարեանը։ Դատաւոր Արսէն Նիկողոսեան ընթերցեց դատարանի որոշումը, ըստ որու՝ բաւարարութիւն տրուեցաւ Քոչարեանի պաշտպաններու միջնորդութեան եւ որոշուեցաւ կալանաւորումը վերցնել եւ կիրառել գրաւը, 2 միլիառ դրամի՝ 4,2 միլիոն տոլարի համարժէք չափով։

Նշենք, որ Քոչարեանի պաշտպանները Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին, Քոչարեանի կալանքը փոխելու միջնորդութիւնները մերժելու մասին որոշման դէմ բողոք ներկայացուցած էին Վերաքննիչ քրէական դատարանին։

Միջնորդութեան քննութեան ժամանակ դատաւոր Արսէն Նիկողոսեան երկար հարց ու պատասխան ունեցած էր Քոչարեանին հետ։

Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանին, Մարտ 1-ի գործով, մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան ուրիշ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է ՀՀ սահմանադրական կարգը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment