Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ազգային Ժողովը ԲՀԿ Ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին Զրկեց Անձեռմխելիութենէն

Հայաստանի Ազգային Ժողովը ԲՀԿ Ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին Զրկեց Անձեռմխելիութենէն

by MassisPost

Յունիս 16-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ համաձայնութիւն տուաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ եւ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէն զրկելուն: Քուէարկութեան մասնակցող բոլոր 87 պատգամաւորները կողմ քուէարկեցին գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան ներկայացուցած միջնորդութեան:

«Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները քուէարկութեան չմասնակցեցան : Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան 88 պատգամաւորներէն խորհրդարանի նիստին ներկայ էին եւ քուէարկութեան մասնակցեցան 86-ը, բացակայ էին Թագուհի Թովմասեանը եւ Սասուն Միքայէլեանը: Անկախ պատգամաւոր Արման Պապաջանեան մասնակցեցաւ քուէարկութեան:

Աւելի վաղ կատարուած նոյնպէս փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ՝ Խորհրդարանը համաձայնութիւն տուաւ ԲՀԿ առաջնորդի նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսելուն: Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան իր ներկայացուցած միջնորդութեամբ կը հայցէր խորհրդարանի համաձայնութիւնը, Գագիկ Ծառուկեանին 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կաշառք բաժնելու մեղադրանք առաջադրելու եւ զինք ազատութենէն զրկելու համար:

Առաջին քուէարկութենէն առաջ ԲՀԿ առաջնորդը ելոյթ ունենալով ԱԺ ամպիոնէն շարունակեց պնդել, որ իրեն առնչուող քրէական գործերը շինծու են, յօրինուած են քաղաքական պատուէրով եւ պատասխան են Կառավարութեան հասցէին ուղղած իր քննադատութեան:

ԲՀԿ առաջնորդը յայտարարեց, որ գործող իշխանութիւնները ձախողած են բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ Կառավարութեան 100 տոկոսը պէտք է փոխուի:

Ելոյթէն յետոյ Ծառուկեան յայտարարեց, որ կը մեկնի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն՝ հարցաքննութեան համար: Երեկոյեան ուշ ժամերուն Ծառուկեան դուրս եկաւ ԱԱԾ-ի շէնքէն, մինչեւ որ դատարանը քննէ զինք կալանաւորելու հարցը:

Յայտնենք որ, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Յունիս 14-ի առաւօտեան խուզարկութիւն կատարած էր Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատունը: Նոյն պահուն ԱԱԾ հրապարակեց երեք տարբեր քրէական գործերու վերաբերեալ հաղորդագրութիւններ:

Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Ծառուկեանին պատկանող «Շանկրի Լա» խաղատան: Ըստ ԱԱԾ-ի՝ խաղատունը աշխատած է առանց արտօնագրի, որու հետեւանքով պետութեան պատճառած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ մօտ 60 միլիոն տոլարի վնաս, բացի այդ՝ չեն կատարուած 40 միլիառ դրամի ներդրումները:

Երկրորդ քրէական գործը կը վերաբերի 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին կաշառք բաժնելու դէպքերուն: Ըստ ԱԱԾ-ի՝ անոր մէջ ներգրաւուած եղած են ԲՀԿ ղեկավար կազմն ու կուսակցութեան անդամները: Երրորդ քրէական գործը կը վերաբերի Առինջ համայնքի պաշտօնեաներուն, որոնք, ըստ ԱԱԾ-ի, ապօրինի վարձակալութեամբ տրամադրուած 7,5 հա գիւղատնտեսական հողատարածքի վրայ ապօրինի կառոյցներ օրինականացուցած, յետոյ այդ հողատարածքը ապօրինի կերպով փոխանցած են Ծառուկեանին պատկանող ընկերութեան, պետութեան պատճառելով մեծ վնասներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment