Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առողջապահութեան Նախարարութիւն. Դեռ Վաղ է Գնահատական Տալու, թէ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերը կը Նուազին

Առողջապահութեան Նախարարութիւն. Դեռ Վաղ է Գնահատական Տալու, թէ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերը կը Նուազին

by MassisPost

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 425 նոր դէպք, առողջացած է 295 մարդ, մահացած` ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւն ունեցող 8 հիւանդ։ Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան՝ նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 96:

Այսպիսով, Հայաստանի մէջ մինչ օրս արձանագրուած է հիւանդութեան 17489 դէպք, մահացած՝ 293 քաղաքացի։

«Այս պահին փաստացի «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ բուժում է ստանում 10 հազար 529 հիւանդ, նրանցից մօտ 8 հազարը տանն են գտնուում, մնացածը արդէն հիւանդանոցում են: Նախօրէին կատարել ենք շուրջ 2 հազար հետազօտութիւն, եթէ աւելի յստակ ասեմ` 1956»,- «Ազատութեան» փոխանցեց առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան:

Արդեօ՞ք 425 հաստատուած դէպքը կարելի է համարել վարակուածներու թիւի նուազումի միտում։ Անցեալ շաբաթ օրական հաստատուած դէպքերը որոշ օրեր 700-էն աւելի էին։ «2 հազարի դէպքում իրականում 425-ը նուազում է, բայց որեւէ գնահատական տալ, թէ արդէն գնում է դէպի նուազում, դեռ վաղ է: Պէտք է նայել առաջիկայ օրերի` մէկ շաբաթուայ կամ 10 օրուայ վիճակագրութիւնը, որպէսզի կարողանանք նման գնահատական տալ», – ըսաւ Նիկողոսեան:

Այս պահուն կը շարունակուի յատկապէս մարզային հիւանդանոցներու մահճակալներու թիւի յաւելումը, ուր կրնան բուժում ստանալ քովիտով վարակուածները։ Չնայած որ մահճակալային  ազատ  տեղերու աճ կայ, միեւնոյն է, վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ, Յունիս 15-ի երեկոյեան «Ազատութեան» «Ֆէյսպուքեան ասուլիսի» եթերով, յայտարարեց առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան։ Ան ըսաւ, թէ հիւանդանոցային մահճակալներու յաւելումը չի կրնար փոխարինել հակահամաճարակային եւ զսպման գործողութիւնները, այլ միայն կրնայ լրացնել։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակը «Ազատութեան» տեղեկացուց, թէ այս պահուն մահճակալները բաւարար են։

«Քաղաքացիների անպատասխանատու վարքագիծը բերելու է առողջապահական համակարգի փլուզման», – յայտարարեց Արսէն Թորոսեան: Նախարարը ըսաւ, թէ 470 հոգի կը գտնուի ծանր եւ 116-ը` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, 35-ը միացուած են թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերուն։ Աւելցուց, որ երիտասարդներու մէջ արձանագրուած են մահեր, որոնք ունեցած են քրոնիկական հիւանդութիւններ, ինչպես նաեւ աւելի բարձր տարիքի անձեր մահացած են, որոնք չեն ունեցած ուղեկցող այլ հիւանդութիւն. – «Դժբախտաբար Յունիսի 11-ի դրութեամբ ունեցել ենք 15 մահուան դէպք, դրանք բոլոր մահերի այդ պահի դրութեամբ 6 տոկոսն են, երբ քաղաքացիները չեն ունեցել որեւէ քրոնիկական հիւանդութիւն: Սա գալիս է նորից մեզ սթափեցնելու, որ չկայ որեւէ մէկը, որ ունի 100 տոկոսանոց երաշխիք կամ շատ մեծ երաշխիք, որ ինքը չի ունենալու ծանր ընթացք կամ դժբախտաբար չի մահանալու այս հիւանդութիւնից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment