Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանի համոզումով՝ Ռուսաստանի մերժումը Հայաստանին արտայանձնել հետախուզման մէջ գտնուող շարք մը նախկին պաշտօնեաներ չեն կարող ազդել երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ։
Յիշեցնենք, որ այս պահուն, Ռուսաստան են հետախուզման մէջ գտնուող պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Միքայէլ Յարութիւնեան, նախկին գլխաւոր դատախազ՝ Գէորգ Կոստանեան, Հանրապետական նախկին պատգամաւոր, Մարտ 1-ի քննիչ խումբի նախկին ղեկավար՝ Վահագն Յարութիւնեան, Դատական Ակտերու (գործերու) Հարկադիր Կատարումի (ԴԱՀԿ) նախկին պետ, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախկին պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեան, «Ալրաղացի Լեովիկ» մականունով յայտնի Լեւոն Սարգսեան։ Ռուսաստանը տարբեր պատճառաբանութիւններով արդէն մերժած է յանձնել Միքայէլ Յարութիւնեանը, Վահագն Յարութիւնեանը եւ Միհրան Պօղոսեանը։
Հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիւանագիտական խողովակներով կը փորձէ՞ ետ վերադարձնել նախկին պաշտօնեաները, Զոհրապ Մնացականեան ըսաւ, թէ անոնք դատաիրաւական բնոյթի հարցեր են.- «Դրանք դատաիրաւական բնոյթի են: Հասկանանք` ինչպէս է, եթէ մենք դրան առնչուում ենք որպէս քաղաքական հարց` արտաքին յարաբերութիւններին առնչուող, դա ուրիշ բան, բայց դրանք դատաիրաւական բնոյթի հարցեր են եւ համապատասխան հարթակներում իրականացուում է դա»:
Հարցումին, թէ անոնք չե՞ն ազդեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ, նախարարը պատասխանեց.- «Յստակ դա չի ազդում մեր յարաբերութիւնների վրայ»:
Այս հարցին այսօր անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: Մասնաւորապէս պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստանը չի վերադարձներ տարբեր քրէական մեղադրանքներով հետախուզման մէջ գտնուող հայաստանցի նախկին պաշտօնեաները, արդեօ՞ք Ռուսաստանը կը պաշտպանէ նախկին կառավարութեան ներկայացուցիչները, Սերկէյ Քոփիրքինը ըսաւ, թէ արտայանձնման հարցը իրեն համար ոչ թէ քաղաքական, այլ իրաւական հարթութեան մէջ է։
Զոհրապ Մնացականեան լրագրողներուն հետ զրոյցին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն: Նախարարը շեշտեց, որ ճգնաժամային խնդիրներ 2 երկիրներու յարաբերութեանց մէջ չկան, բայց պէտք չէ ալ ձեւացնել ու ըսել, թէ որեւէ խնդիր չկայ, եթէ խնդիրներ չըլլային, յարաբերութիւններ ալ չէին ըլլար։ Եւ Հայաստանի իշխանութիւնը հանրութեան հետ բաց եւ թափանցիկ կը խօսի այդ մասին.- «Մենք ունենք բազմաթիւ խնդիրներ, եւ երբ որ ասում ենք` սա խնդիր է, որը խորքային հարց է, որը ճգնաժամային է, ոչ, նման հարցեր մենք չունենք»:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշեց, որ համավարակի պայմաններուն շատ կարեւոր է սահմանին բացառել լարուածութեան աճը։ Բնականաբար համավարակով պայմանաւորուած` կողմերու միջեւ հանդիպումներ տեղի չեն ունենար: Ինչպէս տեղեկացուց նախարարը, «Քորոնա» ժահրի տարածման ընթացքին համանախագահներու մասնակցութեամբ՝ ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ ընդամէնը մէկ տեսակապով ժողով ունեցած է։ Հայկական կողմը նաեւ մշտական կապի մէջ է համանախագահներուն հետ, մինչեւ որ իրավիճակը թոյլ տայ վերականգնելու աշխատանքները: «Ներկայիս պայմաններում հիմնական կարեւոր գերակայութիւնը պահպանելն է այն միջավայրը, այն անհրաժեշտ պայմանները, որոնք չեն խոչընդոտի մեր աշխատանքների շարունակութեանը: Առաջին հերթին հարցը վերաբերում է որեւէ վտանգների, լարուածութեան բացառմանը»,- ըսաւ նախարարը:
Հարցումին, թէ այս պահուն կա՞յ խնդրի կարգաւորման վերաբերեալ քննարկուող փաստաթուղթ, ինչի մասին խօսած էր նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Զոհրապ Մնացականեան ըսաւ, թէ առաւել քան յստակ այդ հարցին պատասխանած է եւ չի գիտեր, թէ ալ ինչպէս բացատրէ։
Յիշեցնենք, որ այս տարուայ ապրիլին Լաւրովը յայտարարած էր, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այժմ աշխուժօրէն կը քննարկեն ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման նախագիծեր, որոնք առաջարկուած են մէկ տարի առաջ Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ, եւ քննարկումներու հիմքը խնդրի փուլային կարգաւորման սկզբունքներն են: Ի պատասխան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ալ ըսած էր, թէ «ղարաբաղեան բանակցութիւններում որեւէ հայկական կողմ նոյնիսկ չի կարող ենթադրել, որ հնարաւոր է վերանայել պաշտպանական գծերը՝ վտանգի տակ դնելով Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը»: