Home ԳՐԱԿԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 428-ով, Բուժուածներունը՝ 775-ով. Գրանցուած է Մահուան 10 Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 428-ով, Բուժուածներունը՝ 775-ով. Գրանցուած է Մահուան 10 Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 428-ով՝ հասնելով 14103-ի, գրանցուած է մահուան 10 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Յունիս 10-ին ժամը 11-ին, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 775-ով եւ հասած 5226-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1751 հետազօտութիւն. ընդհանուր թիւը հասաւ 73156-ի:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 227-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 77 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 8573 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment