Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 350 Նոր Դէպք, Ապաքինուած է 352 Քաղաքացի

Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 350 Նոր Դէպք, Ապաքինուած է 352 Քաղաքացի

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 350 նոր դէպք հաստատուած է, իսկ առողջացածները 352 հոգի են:

Վերջապէս Հայաստանի մէջ առողջացածներուն թիւը թէկուզ երկուսով, աւելի է նոր վարակակիրներու թիւէն։

Կիրակի օր, հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգիլման ազգային տարրալուծարանի ախտահանման պատճառով հետազօտութիւն տեղի չէ ունեցած, երէկ գործընթացը վերսկսուած է, 350 նոր դէպք հաստատուած է շուրջ 1400 հետազօտութենէ:

Ըստ առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեանին, բուժուածներու այսօրուայ մեծ թիւը, վաղն ալ ապաքինուածներու աւելի մեծ թիւ ըլլալը, պայմանաւորուած է անով, որ տունը բուժուող անախտանիշ, թեթեւ վարակակիրները 14 օր անց կը համարուին բուժուած` առանց հետազօտութեան. – «Դրանք այն քաղաքացիներն են, որոնք որ արդէն տանն են, յարաբերականօրէն թեթեւ կամ առանց ախտանիշների, պարզապէս ունեն դրական ախտորոշում, եւ մենք 14 օրը լրանալուն պէս նրանց նշում ենք որպէս բուժուած: Ի հարկէ նրանց մէջ կան նաեւ քաղաքացիներ, որոնք որ հիւանդանոցներից են դուրս գրուում»:

Պարէտատան նիստէն յետոյ հրաւիրուած ճեպազրոյցին, նոյնն էր վարչապետ Փաշինեանի յորդորը, թէ իրավիճակի կայունացման յոյսեր կան, բայց պէտք է շարունակել պահպանել հակահամաճարակային կանոնները. – «Ըստ էութեան, կրկին մեր բանաձեւը մնում է մէկը` մեզնից իւրաքանչիւրի եւ ընդհանուր առմամբ հանրային պատասխանատուութեան մեծացումը հակահամաճարակային կանոնների պահպանման առումով»:

Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ թաղումներն ու հարսանեաց հանդէսները յաճախ նոր բռնկումներու պատճառ կը դառնան։ Թէ’ սգակիրներուն ու թէ’ տօնի պատրաստուողներուն ան յորդորեց համագործակցելու ոստիկանութեան եւ տեղական իշխանութեան հետ, որպէսզի «ճակատագրական խախտումներ» չըլլան։

Իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ եւ արտակարգ դրութեան ժամկէտը հաւանաբար կ’երկարացնեն Յունիս 13-էն յետոյ ալ. – «Այո, կայ էդպիսի հաւանականութիւն եւ բաւականին մեծ է այդ հաւանականութիւնը, եւ կարծում եմ, որ այո, արտակարգ դրութիւնը կ’երկարացուի»:

«Քորոնա» ժահրի հետեւանքով արդէն 217 քաղաքացի մահացած է, վերջին մէկ օրուայ մէջ՝ 6 հոգի. ամենաերիտասարդը 46-ամեայ տղամարդ։ Մահուան երկու դէպք եւս ըստ առողջապահական գերատեսչութեան, մահացած են այլ հիւանդութենէ։

Այս օրերուն, երեւանեան ու մարզերու բժշկական հաստատութիւններուն մէջ մահճակալներ կը ձեւաւորուին «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներու բուժման համար։ Քանի մը օր առաջ վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, որ շուրջ 200 հոգի կը սպասէ  հիւանդանոց փոխադրուելու, 2-ը մահացած են, հիւանդանոցները տեղ չկայ:

«Ձեր նշած 200 մարդիկ վաղուց հիւանդանոց փոխադրուել են, դրանից յետոյ արդէն նոր դէպքեր են աւելացել: Դա շարունակական գործընթաց է, որը ամէն օր արուում է: Նաեւ պէտք է նշեմ, որ վերջին օրերին մեծ ծաւալումներ են տեղի ունենում, եւ դրանով պայմանաւորուած` եթէ պահպանուի այն ընթացքը, ինչ որ մենք ունենք վերջին օրերի ընթացքում, ապա մահճակալայինպէտքերը  դեռեւս կը բաւարարի», – «Ազատութեան» փոխանցեց Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:

Ան վստահեցուց, որ այս պահուն տեղերու սուր խնդիր չկայ, եւ հիւանդանոց փոխադրուելու սպասող քաղաքացի չկայ։

Քովիդով զբաղող 9 բժշկական հաստատութիւններուն  կը միանան 350 մահճակալներ տարբեր հիւանդանոցներու մէջ: «Արմենիա» բժշկական կեդրոնի մէջ 58 տեղ կը բացուի մօտ մէկ շաբաթէն: Վիրաբուժական գծով տնօրէն Աշոտ Կուրղինեան տեղեկացուց, որ այժմ զբաղուած են վերազինմամբ ու թթուածնային կէտեր աւելցնելով:

Ի դէպ Քովիդ 19-ով հիւանդներ այս պահուն կան հանրապետականը: Աշոտ Կուրղինեան ըսաւ, որ անոնք կը բուժուին առանձնացուած եւ «Քորոնա» ժահրի հիւանդանոց չեն տեղափոխուած, քանի որ տեղ չէ եղած: Նոր բաժանմունքի ձեւաւորման, ըստ Կուրղինեանի, միակ խնդիրը բժշկական անձնակազմն է:

Վերակենդանացման բաժանմունքի 12 բժիշկներէն, այս պահուն, 5-ը մնացած են. քանի մը հոգին իրենք վարակակիր են, միւսները գացած են Քովիդի բուժումով զբաղող բժշկական հաստատութիւններ՝ օգնելու գործընկերներուն:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ, տուներու ու հիւանդանոցներու մէջ, այս պահուն կը բուժուին 8933 հիւանդ:

Պարէտատան ճեպազրոյցին այսօր կը մասնակցէր Պաւարիոյ դարմանատուններէն մէկուն մէջ աշխատող բժիշկ վերակենդանացման մասնագէտ՝ Արսէն Մանուկեան, որ Հայաստան եկած է, հետեւելով Առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներու հաւաքագրման կոչին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունք կ’աշխատի:

Մանուկեան խնդրեց, որ պահպանենք բոլոր կանոնները, որպէսզի ինք կարողանայ ընտանիքին մօտ վերադառնալ եւ մասնակցիլ իր որդւոյն առաջին տարեդարձին՝ Յուլիս 18-ին:

Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան ըսաւ, թէ դեռ վաղ է ենթադրել, որ մարդիկ զգօն են ու կը հետեւին հակահամաճարակային կանոններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment