Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Որոշած է Կալանաւորել ՊԵԿ-ի Նախկին Նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի Կրտսեր Որդին

Դատարանը Որոշած է Կալանաւորել ՊԵԿ-ի Նախկին Նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի Կրտսեր Որդին

by MassisPost

Դատարանը որոշած է կալանաւորել նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին նախագահ՝ Գագիկ Խաչատրեանի կրտսեր որդին՝ Արտեոմ Խաչատրեանը։

Ըստ Խաչատրեաններու փաստաբաններուն, տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող 15 ընկերութիւններ միաւորող «Կալաքսի» կրուփի համահիմնադիր Արտեոմ Խաչատրեանը կը մեղադրուի շարք մը յօդուածներով։

Նախկին ազդեցիկ պաշտօնեայ՝ 64-ամեայ Գագիկ Խաչատրեանը կալանքի տակ է անցեալ տարուայ օգոստոսէն ի վեր, իր երկու որդիները՝ Արտեոմ եւ Գուրգէն կը հետախուզուին։

Խաչատրեանները իրենց դէմ առաջադրուած մեղադրանքները չեն ընդունած յայտարարելով, որ պետութիւնը կը փորձէ իրենց ստիպել վաճառել հեռահաղորդակցութեան առաջատարներէն մէկը համարուող ու իրենց պատկանող «Իւքոմ» ընկերութիւնը:

Աւագ որդին՝ Գուրգէնը մեղադրուած է իւրացման, փողերու լուացման եւ առանձնապէս խոշոր չափով կաշառք ստանալուն օժանդակելու մէջ։ Կրտսեր որդւոյն մեղադրանքի մասին ինչպէս Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ), այնպէս ալ իր փաստաբանները մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած:

Խաչատրեանները, ըստ ԱԱԾ-ի, պաշտօնէական դիրքի օգտագործումով, պետութենէն աւելի քան 1,5 միլիառ դրամի չափով յափշտակութիւն կատարած են, ստեղծելով առեւտրային կազմակերպութիւն, որ 2008-2020 թուականներու ընթացքին ՊԵԿ-ի հետ կնքած է մատակարարման եւ ծառայութիւններ մատուցելու բազմաթիւ պայմանագիրներ։

Հետագային, ստացած եկամուտներու յանցաւոր ծագումը թաքցնելու նպատակով, ըստ իրաւապահներուն, Խաչատրեանները գումարը կանխիկացուցած եւ ազգականի միջոցով մուտքագրած են իրենց պատկանող «Իւքոմ» ընկերութիւն։

Գլխաւոր դատախազութիւնը իր հերթին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է, թէ մեղադրեալ ներգրաւուած են ոչ միայն հայրն ու երկու որդիները, այլեւ իրենց մերձաւոր երկու, ինչպէս նաեւ ՊԵԿ-ի մէջ բարձր պաշտօններ գրաւած երեք անձ։

Ըստ դատախազութեան, Առուստամեանը 2008-2014 թուականներու ընթացքին Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահին, այնուհետեւ՝ 2014-2016 թուականներու ընթացքին Ֆինանսներու նախարարի պաշտօնը գրաւած Գագիկ Խաչատրեանի որդիներուն միջոցով տուած է աւելի քան 22 միլիոն տոլարի կաշառք, իր ներկայացուցած առեւտրային կազմակերպութիւններու գործունէութեան համար խոչընդոտներ չստեղծելու համար:

Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող ձեռնարկատիրութեան կայսրութեան կառավարիչ Առուստամեանը մեղադրուած է կաշառք տալու եւ փողերու լուացման համար: Իր փաստաբանը՝ Յովիկ Սուքիասեան կը պնդէ, որ խօսքը փոխառութեան, տոկոսով փող տալու գործարքի մասին է:

Մինչդեռ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը հաղորդէ, որ կաշառքի յանցաւոր ծագումը թաքցնելու նպատակով, Սեդրակ Առուստամեանը 2011 թուականին այդ 22 միլիոն տոլարը փոխանցած է Խաչատրեան եղբայրներու մատնանշած եւ անոնց հետ փոխկապակցուած արտասահմանեան կազմակերպութիւններու հաշուեհամարներուն: Եւ որպէսզի թաքցնեն իրենց ապօրինութիւնը, իբր տոկոսով փող տալու պայմանագիր կնքած են ։

«Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչու Խաչատրեան եղբայրները Առուստամեանին ինը տարուայ ընթացքին գոնէ մէկ դրամ չեն վերադարձուցած, փաստաբան Յովիկ Սուքիասեան պատասխանեց. – «Իրենք պատրաստ են էս պահին էլ վերադարձնել փոխառութեան գումարները տոկոսներով, բայց քանի որ ամբողջ գոյքերը, դրամական միջոցները կալանքի տակ են, զրկուած են Խաչատրեանները էդ պարտաւորութիւնը կատարելու հնարաւորութիւնից: Գումար մինչեւ հիմա չի վերադարձուել, բայց մարդիկ միշտ պատրաստակամ են եղել ու փոխառութեան պայմանագրերի ժամկէտները միշտ երկարացրել են»:

Ուրկէ Ծառուկեանին պատկանող «Մուլթի Կրուփի» տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանին այդքան գումար։ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը հաղորդէ, որ այժմ կը ստուգեն 22 միլիոն տոլարի ծագման օրինականութիւնը։

Ըստ իրաւապահներու՝ Առուստամեանը այդ բացատրած է այն հանգամանքով, որ իր մայրական պապը «Իրանական պատերազմի» ընթացքին ծառայելով սովետական բանակ, մեծ քանակութեամբ «Շահի ոսկի» ձեռք բերած է, եւ որ տատը իրեն փոխանցած է ։ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը հաղորդէ նաեւ, որ Խաչատրեանի գոյքը կալանքի տակ է։

Ավելի վաղ Խաչատրեաններու փաստաբան Երեմ Սարգսեան «Ազատութեան» ըսած էր, որ կալանքի տակ են նաեւ Իւքոմի՝ Խաչատրեաններին պատկանող բաժնեմասերը։

Ողջ կեանքը պետական պաշտօն գրաւած Գագիկ Խաչատրեանի կարողութեան ծագումը բազմաթիւ լրագրողական հետաքննութիւններու առիթ դարձած է, սակայն անոր օրինականութիւնը իրաւապահները սկսան ստուգել միայն Հայաստան տեղի ունեցած յեղափոխութենէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment