Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բողոքի Ցոյց Թեհրանի Մօտ Հայաստանի Դեսպանութեան Դիմաց. Ցուցարարները Հրկիզած են Իսրայէլի Դրօշը

Բողոքի Ցոյց Թեհրանի Մօտ Հայաստանի Դեսպանութեան Դիմաց. Ցուցարարները Հրկիզած են Իսրայէլի Դրօշը

by MassisPost

Թեհրանի մէջ Յունիս 9-ին, քանի մը տասնեակ մարդիկ հաւաքուած են ՀՀ դեսպանութեան դիմաց եւ իրենց բողոքը արտայայտած են Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան բացման դէմ:

Իրան լոյս տեսնող «Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Մովսէս Քեշիշեան մեզի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ բողոքի մասնակիցները Երեւանէն պահանջած են թշնամական դիրքորոշում ընդունիլ Թել-Աւիւի նկատմամբ:

Անոնք վանկարկած են «Մահ Իսրայէլին, մահ Միացեալ Նահանգներուն եւ մահ Բրիտանիոյ» կարգախօսները ու այրած են Իսրայէլի դրօշը։

Նշենք, որ Հայաստան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ՀՀ-ն իր յարաբերութիւնները երրորդ երկիրներուն հետ կը ճշդէ ելլելով իր ազգային շահերէն, եւ որ ՀՀ յարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ երբեք չեն կրնար բացասական ազդեցութիւն ունենալ Հայաստան-Իրան բարեկամական յարաբերութիւններուն վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment