Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համաշխարհային Դրամատունը Չեղեալ Համարեց Հայաստանին Տրամադրած Վարկերու 1.7% Տոկոսադրոյքը

Համաշխարհային Դրամատունը Չեղեալ Համարեց Հայաստանին Տրամադրած Վարկերու 1.7% Տոկոսադրոյքը

by MassisPost

Հաշուի առնելով աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած 2020 թուականին տնտեսական իրավիճակի վատթարացման վերաբերեալ կանխատեսումները՝ միջազգային ֆինանսական կառոյցները կը փորձեն հնարաւորինս աջակցիլ անդամ-պետութիւններուն յաղթահարելու համավարակի հետեւանքները:

Այս  թեմայով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Համաշխարհային դրամատան համատեղ աշխատանքի որպէս արդիւնք, Զարգացման Միջազգային Ընկերակցութեան  կողմէ Հայաստանին տրամադրուած շարք մը վարկերու գծով գործող յաւելեալ տոկոսադրոյքի (տարեկան 1.7% դրոյքաչափով) կիրառման մասին նախապէս կայացած որոշումը մէկ տարի ժամկէտով չեղեալ համարուած է եւ պիտի չկիրառուի գանձային տարուայ ընթացքին (2020 թուականի Յուլիս 1-էն մինչեւ 2021 թուականի Յունիս 30-ը):

Համաշխարհային Դրամատան եւ ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան գնահատականներով՝ յաւելեալ 1.7% տոկոսադրոյքի մէկ տարիով չեղեալ համարուելով՝ արտաքին տոկոսավճարներու գծով ՀՀ պետական պիւտճէի տնտեսումը կը կազմէ մօտ 13 մլն ԱՄՆ տոլար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment