Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հրանդ Տինք Հիմնադրամի Ել. Հասցէին Մահուան Սպառնալիքներով Նամակներ Ուղարկելու Առընչութեամբ Երկու Անձ Ձերբակալուած է

Հրանդ Տինք Հիմնադրամի Ել. Հասցէին Մահուան Սպառնալիքներով Նամակներ Ուղարկելու Առընչութեամբ Երկու Անձ Ձերբակալուած է

by MassisPost

Հրանդ Տինք հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին մահուան սպառնալիքներ պարունակող նամակներ ուղարկելու առընչութեամբ երկու անձ ձերբակալուած է:

Կիրակի օր, Քանեա նահանգին մէջ յայտնաբերուած էր եւ  Պոլիս տեղափոխուած, Մայիս 27-28-ին ուղարկուած նամակի հեղինակը: Մամուլով տեղեկութիւն տարածուած էր, թէ իբր ան այդ քայլին դիմած է ատրպէյճանցի սիրեցեալին ազդեցութեամբ: Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգրքին համաձայն` անոր 3-էն մինչեւ 7,5 տարուայ ազատազրկում կը սպառնայ: «Ակօս» պարբերականի փոխանցումով` այսօր Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է հիմնադրամի հասցէին երկրորդ՝ Մայիս 31-ին սպառնալի նամակ ուղարկած անձը:

Յայտնի է, որ ան որոշ ժամանակ բնակած է ԱՄՆ եւ քանիցս յայտնուած է ոստիկանութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Ֆեթիյէ Չեթինը «Պիանեթ» տեղեկատուական ցանցի հետ զրոյցի ընթացքին,  նկատել տուած է, որ այդ նամակները փոխկապակցուած են եւ ունին նոյն բովանդակութիւնը, ինչ որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ ստացուած սպառնալիքները: Ան ցաւով կ’արձանագրէ, որ երկրի ղեկավարութեան հռետորաբանութիւնն ու գործածած ատելութեան խօսքը կը խրախուսէ նմանօրինակ յարձակումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment