Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Անդամ Սարօ Մարտիրեան Ընտրուեցաւ Ալֆորվիլի Քաղաքապետի Տեղակալ

ՍԴՀԿ Անդամ Սարօ Մարտիրեան Ընտրուեցաւ Ալֆորվիլի Քաղաքապետի Տեղակալ

by MassisPost

Կիրակի, Մայիս 24-ին տեղի ունեցաւ Փարիզի արուարձաններէն` հայաշատ Ալֆորվիլի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու պաշտօնի ստանձման արարողութիւնը:

Քաղաքապետ դարձաւ  Լուք Քարվունաս, իսկ ՍԴՀԿ Ֆրանսայի շրջանի ատենապետ՝ Սարօ Մարտիրեան ընտրուեցաւ քաղաքապետի տեղակալ:

Այս առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ Մարտիրեան յատկապէս ըսաւ-. «41 տարիներ առաջ այս քաղաքը հիւրընկալեց մեր ընտանիքի անդամները եւ առիթը տուաւ դառնալու այն ինչ որ եմ այսօր: Այժմ եկած է հերթը ինծի` վերադարձնելու  Արֆորվիլին եւ  ծառայելու  յանձնառութեամբ եւ անձնազոհութեամբ:

saro mardirian

«Այս առթիւ շնորհակալ եմ իմ ծնողներուն, որոնք Թուրքիայէն եկան այստեղ, որպէսզի ես ունենամ  աւելի լաւ ապագայ: Շնորհակալ են Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան իմ ընկերներուն, իրենց աջակցութեան համար եւ յատուկ շնորհակալութիւն իմ տիկնոջ` Ֆլորա Յակոբեանին, որ նեցուկ եղաւ ինծի` տունէն իմ եկար բացակայութիւններու ընթացքին:

«Ես հպարտ եմ կրելու այս եռագոյն ժապաւէնը: Ինչպէս շատ հայեր, մենք կրողներն ենք Ֆրանսայի արժէքներուն, պատմութեան եւ մշակոյթին, որ դարձուցած ենք մերը ու կը պահենք մեր Հայկական աւանդոյթներու կողքին:

«100% Ֆրանսացի, 100% Հայ,  ինչպէս կը սիրէր ըսել Շարլ Ազնավուր»:

Ալֆորվիլի մէջ կը գտնուի Հայոց Եկեղեցին եւ կան փողոցներ Կոմիտասի եւ Միսաք Մանուշեանի անուններով:

Ալֆորվիլ քոյր քաղաք է Աշտարակի հետ` 1993 թուականէն ի վեր, իսկ Օշականի հետ` 2001-էն ասդին:

ՍԴՀԿ Մամլոյ Դիւան 

 

 

 

 

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment