Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչպէս Պայքարիլ Կեղծ Լուրերու Դէմ

Ինչպէս Պայքարիլ Կեղծ Լուրերու Դէմ

by MassisPost

«Կեղծ լուր» հասկացողութիւնը թէեւ նորութիւն չէ, սակայն առցանց հարթակներու՝ «Ֆէյսպուք», «Թուիթըր», «Ինստիկրամ», «Եու Թիւպ» եւ այլ ընկերային ցանցերու ի յայտ գալէն ետք, այդ երեւոյթը դարձած է առաւել հրատապ հարց՝ աշխարհի բոլոր երկիրներուն համար: Ներկայիս, կեղծ լուրերու տարածումը կը նկատուի վտանգ՝ սպառնալով ժողովրդավարութեան հիմունքներուն, ուր իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի ստանալու ճշգրիտ եւ թափանցիկ տեղեկատուութիւն: Վտանգը սկսած է կայանալ հոն, որ հասարակութիւններ կը կորսնցնէ հաւատքը նաեւ հեղինակութիւն վայելող լրատուամիջոցներու նկատմամբ: Այսօր մեծ է թիւը անոնց, որոնք իրենց լուրերու որպէս հիմնական աղբիւր կ՛ապաւինին վերոյիշեալ կայքերէն իրենց քաղած տեղեկութկւններուն վրայ, առանց խորանալու եւ կամ ստուգելու լուրերը տարածողներուն ինքնութիւնը եւ կամ անոնց հետապնդած նպատակները:

Այս իրականութեան լոյսին տակ հարց կը յառաջանայ թէ, ինչպէ՞ս պէտք է պայքարիլ կեղծ լուրերու տարածման եւ անոր յառաջացուցած ժխտական հետեւանքներու դէմ: Այս հարցին կայ երկու մօտեցում: Առաջին տեսակէտը այն է որ, պայքարը պէտք է յառաջ տարուի ժողովուրդը դաստիարակելու եւ գիտակցութիւնը բարձրացնելու եղանակով: Երկրորդ տարբերակը՝ օրէնսդրական քայլերու եւ պատժական միջոցներու դիմելու միջոցաւ: Երկու պարագային ալ կան դժուարութիւններ, երբ նկատի ունենանք որ, երեւոյթը սահմաններ չի ճանչնար եւ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնէն կարելի է միջամտել այլ երկիրներու մէջ հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ եւ հետեւաբար, դաստիարակչական աշխատանքներն ու օրէնսդրական քայլերու կիրառումը կը դառնայ դժուար իրագործելի:

Կեղծ լուրերու դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ պատասխանատուութեան բաժին ունին նաեւ ընկերային ցանցերու խոշոր հարթակները, որոնք սկսած են այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռք առնելª յատկապէս համավարակի հետ կապուած ապակողմնորոշող լուրերը սահմանափակելով ու իրենց կայքերէն հեռացնելով այն սխալ տեղեկութիւնները, որոնք կը տարածուին դաւադրութիւններու հաւատացող շրջանակներու կողմէ՝ վնասելով միլիոնաւոր մարդոց առողջութեան եւ ապահովութեան:

Նոյն դժուարութիւններուն առջեւ կր գտնուին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք կը փորձեն պայքարիլ երկու տեսակի կեղծ լուրերու դէմ՝ առողջապահական ե՛ւ քաղաքական:

Համավարակի շուրջ ժողովուրդի մօտ շփոթ յառաջացնելու միտումներուն լոյսին տակ, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ստիպուած եղաւ հրապարակաւ անդրադառնալու այս հարցին, թուելով կեղծ լուրերու շրջանակը. «Այդպիսի հիւանդութիւն չկայ», «Մեզ չի կպնի», «Համաշխարհային խաբէութիւն է», «Ամէն ինչ սուտ է», «Դրսից ֆինանսաւորում ստանալու համար է» եւ նման արտայայտութիւններ կը գրուին ոչ միայն «Ֆէյսպուքի» անհատական էջերուն վրայ, այլ հոնկէ կը հասնին լրատուական կայքէջերուն, ըսաւ նախարարը:

Նոյն է պարագան քաղաքական դաշտի վրայ, ուր ընդդիմադիր շրջանակներ աւելի մեծ եռանդով կը շղթայազերծեն կեղծ լուրերու իրենց արշաւը, վարչապետ Փաշինեանի անմիջական շրջանակը ամբաստանելով կաշառակերութեան, ծխախոտի մաքսանենգութեան, ադամանդի վաճառականութեան եւ բազմաթիւ այլ չհիմնաւորուած յանցանքներու մէջ:

Այս երեւոյթներուն առջեւ իշխանութիւնները կը գտնուին երկընտրանքի առջեւ: Անտեսել այդ կեղծ լուրերը եւ կամ դիմել օրինապահ միջոցներու: Առաջինի պարագային կրնայ վտանգուիլ քաղաքացիներու առողջութիւնը ու խարխլիլ ժողովուրդի վստահութիւնը իշխանութիւններուն նկատմամբ, իսկ երկրորդ միջոցը ընտրելու պարագային, կը հնչեն մեղադրանքներ՝ ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրատուամիջոցներու դէմ արշաւ սկսելու եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքները ոտնակոխելու մէջ:

Համավարակի յառաջացուցած տնտեսական, ընկերային ու հոգեբանական խնդիրները պարարտ հող դարձած են իրավիճակները ապակայունացնելու ձգտողներուն համար: Ինչպէս շատ երկիրներ, Հայաստան եւս պատասխան չունի կեղծ լուրերու դէմ ճիշդ եղանակով պայքարելու ուղղութեամբ եւ միակ յոյսը կը մնայ ապաւինիլ ժողովուրդին գիտակցութեան վրայ: Այդ նպատակով պէտք է կրկնապատկել լուսաբանման աշխատանքները, ոչ միայն Հայաստանի, այլ եւ սփիւռքի մէջ, հրապարակը չձգելով յանուն իշխանութեան երկիրը վտանգելու պատրաստ տարրերուն, որոնք ազատօրէն կը շարունակեն իրենց կործանարար գործունէութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment