Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրէական Նոր Գործ՝ Միքայէլ Մինասեանի Դէմ

Քրէական Նոր Գործ՝ Միքայէլ Մինասեանի Դէմ

by MassisPost

Մայիս 3, 2020-ին մամուլով հրապարակուած «ՀԻՆ ԷՐԻՒԱՆ ՀՈԼՏԻՆԿ» ՍՊԸ (Սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն) մասնակից՝ Մանուէլ ՏէրԱռաքելեանի ֆէյսպուքեան գրառումի առթիւ, ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան նախապատրաստած նիւթերով տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ 16.11.2007-ին, Մ. ՏէրԱռաքելեանին պատկանող ընկերութեան տրուած է համապատասխան շինարարութեան թոյլտուութիւն, 2 տարուայ ընթացքին վերակառուցել Օփերայի եւ պալետի ազգային թատրոնի այգիի` Թումանեան փողոցին հարող 564 քմ. տարածքին վրայ գտնուող «Օտեոն» բացօթեայ սրճարանը, զայն շահագործելու համար: Այս մասին կը յայտնեն Յատուկ քննչական ծառայութենէն:

Յիշեալ ընկերութիւնը 2008-ին նախաձեռնած է սրճարանի վերակառուցման աշխատանքները, սակայն 2007-2012-ի ՀՀ վարչապետի աւագ օգնականի, այնուհետեւ՝ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալի պաշտօնը գրաւած պաշտօնատար անձը, իր լիազօրութիւններու շրջանակէն դուրս, ընկերութեան մասնակից՝ Մանուէլ ՏէրԱռաքելեանէն պահանջած է չվերակառուցել եւ չշահագործել սրճարանը, փաստացի զրկելով ընկերութիւնը վարձակալած տարածքի իր նշանակութեամբ օգտագործելու օրինական իրաւունքներէն, որու հետեւանքով ընկերութիւնը փաստացի դադրեցուցած է գործունէութիւնը, զրկուած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը շարունակելու հնարաւորութենէն եւ 2007-2014-ի ընթացքին կրած է 1,938,798,136 ՀՀ դրամ վնաս:

Քրէական գործը ուղարկուած է գլխաւոր դատախազութիւն, ըստ քննչական ենթակայութեան յանձնելու համար:

Մանուէլ ՏէրԱռաքելեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ մօտ 2 շաբաթ առաջ յայտարարած էր, որ Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայ՝ Միքայէլ Մինասեան «կնոջ հայրիկի աջակցութեամբ 500 հազար տոլարանոց սրճարանը ձեռքից խլել է»:

Միքայէլ Մինասեան 2007- 2008-ին գրաւած է վարչապետի աւագ օգնականի պաշտօնը, իսկ 2008- 2012-ին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալը եղած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment