Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան. Մէկ Օրուայ Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Նոր Մրցանիշ Գրանցուած Է

Հայաստան. Մէկ Օրուայ Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Նոր Մրցանիշ Գրանցուած Է

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու նոր մրցանշային բարձր թիւ գրանցուած է. նախորդ օրը «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 184-ով, հասնելով 4 հազար 44-ի, գրանցուած է մահուան եւս երեք դէպք, մահացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 52-ի, Մայիս 15-ին «Ազատութեան» յայտնեց առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Ալինա Նիկողոսեան։

Մինչեւ հիմա մէկ օրուայ հաստատուած վարակակիրներու ամենամեծ թիւը Հայաստանի մէջ Մայիս 12-ին էր, 180 նոր դէպքով:

«Վերջին տուեալներով ունենք հաստատուած «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 4 հազար 44 դէպք, որոնցից 1666-ն արդէն առողջացած է, 52-ը՝ մահուան ելքով, եւ փաստացի այս պահին բուժում ստանում է 2 հազար 304 հիւանդ: Հետազօտութիւններու քանակը՝ մինչեւ այս պահը ընդհանուր կատարուել է 37 հազար 476 հետազօտութիւն: Մենք, եթէ օրուայ կտրուածքով ասենք, ունենք հաստատուած 184 նոր դէպք եւ 94 առողջացած: Մահերի հետ կապուած յայտնեմ, որ նախօրէին ունեցել ենք երեք մահուան դէպք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնից, նրանց տարիքները՝ 68, 81, 82 տարեկան, նրանցից մէկը եղել է կին, երկուսը՝ տղամարդ, բոլորն ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ», – ըսաւ Ալինա Նիկողոսեան:

Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակը նաեւ յայտնեց. «Վերջին տուեալներով ունենք ծանր վիճակում գտնուող 70 քաղաքացի, իսկ ծայրայեղ ծանր վիճակում՝ 31, նրանցից հինգը միացուած է թոքային օդափոխման սարքի»:

Կառավարութեան որոշումով՝ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս 30 օրով, մինչեւ Յունիս 13-ը։ Վարչապետը հիմնաւորեց, թէ ստիպուած են երթալու այդ քայլին, քանի որ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու աճով պայմանաւորուած գուցէ շատ որոշակի գործողութիւններու անհրաժեշտութիւն զգացուի, օրինակ՝ թերեւս անհրաժեշտութիւն ըլլայ փակելու որոշ բնակավայր մը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment