Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրանդ Տինքը Սպանած Թուրք Ազգայնականը Դուրս Պիտի Գայ Բանտէն

Հրանդ Տինքը Սպանած Թուրք Ազգայնականը Դուրս Պիտի Գայ Բանտէն

by MassisPost

2007-ի Յունուար 19-ին պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր խմբագրապետ՝ Հրանդ Տինքը սպանած թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթը, հնարաւոր է, որ շուտով արձակուի բանտէն:

Ըստ Թրքական T24 լրատուականին՝ 13 տարի եւ 5 ամսուայ ազատազրկման դատապարտուած Սամասթի պատժաժամկէտի աւարտին մնացած է 1 տարի 9 ամիս: Սակայն ան կրնայ պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուիլ 9 ամիս ետք:

Միեւնոյն ժամանակ կը շարունակուի Տինքի սպանութեան գործով ուժային կառոյցներու շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դատավարութիւնը: Պոլսահայ մտաւորականի ընտանիքն ու շահերը ներկայացնող փաստաբանները կը շարունակեն պնդել, որ սպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է, եւ իրաւապահ մարմինները, տեղեակ ըլլալով նախապատրաստուող մահափորձէն, չեն կանխած զայն։

Տինքի սպանութեան գործի հերթական դատական նիստը նշանակուած է Յուլիս 7-ին, 8-ին եւ 9-ին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment