Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 351 Նոր Դէպք , Ընթհանուր Թիւը Հասած է 4823-ի

Հայաստան Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 351 Նոր Դէպք , Ընթհանուր Թիւը Հասած է 4823-ի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մէկ օրուայ ընթացքին գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի մրցանշային՝ 351 նոր դէպք, հիւանդութենէն առողջացածները 94 են։ Մահացած է մէկ անձ եւս, 84-ամեայ տղամարդը ունեցած է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ, կը տեղեկացնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն։

COVID-19-էն մահացածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 61։ Մայիս 17-ին նաեւ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման ամենաշատ հետազօտութիւններ կատարուած են, աւելի քան 1600։ Հաստատուած դէպքերու ընդհանուր քանակը հասած է 4823-ի, որոնցմէ 2019-ը փաստացի բուժուողներն են։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար՝ Ալինա Նիկողոսեանի համաձայն. – «Երէկուայ դրութեամբ ունեցել ենք ծանր վիճակում գտնուող 66 եւ ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուող 32 հիւանդներ: Ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուող հիւանդներից 9-ը միացուած են թոքային օդափոխման սարքին»:

Իսկ թէ ինչո՞ւ վերջին օրերուն մրցանշային թիւերով կ’աւելնայ «Քորոնա» ժահր ունեցող անձերու քանակը, Առողջապահութեան նախարարութենէն քանի մը պատճառ նշած են։ «Մէկ, որ այս պահին մեկուսարաններում գտնուող հիւանդները, ովքեր որ դրական են եղել, իրենց 14-րդ օրերն են հիմնականում լրանում, եւ մենք մասսայական հետազօտում ենք, որպէսզի հասկանանք դուրսգրումները: Ի դէպ, նաեւ իրենց հաղոդակցողները, հաստատուած դէպքերի հաղորդակցողներն են մասսայական  հետազօտուում, այսինքն` այստեղ ընտանիքներ են, ընտանիքների մասին է խօսքը եւ մեծ շրջապատներ: Երկրորդ պատճառը դա է», – ըսաւ Ալինա Նիկողոսեան:

covid-05-18

Վիճակագրութեան աւելնալուն, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներուն, նաեւ նպաստած է արտակարգ դրութեան սահմանափակումներու վերացումը ։ Նախարարութենէն արձանագրած են, թէ մարդիկ իրենց հերթին, սկսած են չպահպանել կանոնները։ – «Վերջին միտումները տեսնելով` մենք, նախարարն էլ է բազմիցս շեշտել, որ գտնուում ենք դէպքերի 15-օրեայ կրկնապատկման փուլում, եւ եթէ այս միտումը պահպանուի օրինակ` մինչեւ Մայիսի  24-ը, կ’ունենանք մօտ 6 հազար 500 դէպք, իսկ օրինակ` Յունիսի 8-ին` արդէն 12 հազարից աւելի դէպք»:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան  յորդորած է քաղաքացիները աւելի ուշադիր ըլլալ եւ հետեւիլ բոլոր ցուցմունքներուն։

Նախարարութեան տուեալներու համաձայն՝ այս պահուն դեռ հիւանդանոցներուն մահճակալները բաւարար են, սակայն ինչպէս յայտարարուած է նախապէս, եթէ դէպքերը աւելնան, առանց ախտանշանի հիւանդները տնային բուժում պիտի ստանան։

«Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն պատճառով, երկու օր առաջ մուտքի եւ ելքի սահմանափակումներ կիրառուեցան Արենի համայնքը, ուր արդէն «Քորոնա» ժահրի 10 դէպք հաստատուած է:

Ըստ Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանի` դէպքերը կապուած են Երեւան վիրահատուած ու «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացիին հետ։ Թէ որքան հաղորդակից կայ, մարզպետը թիւ չէ նշած.- «Վիճակը շատ աւելի լաւ է, քան թէ մենք պատկերացնում էինք: Այսինքն` այդ անձանց թիւը, ովքեր որ պատկերացնում էինք, գնալով նուազում է, հնարաւոր է աւելի մեղմ միջոցներ էլ հետագայում կիրառուեն»:

Ըստ Գրիգորեանին` Արենիի մէջ եւս 5 բնակիչ հետազօտուած է, անոնք «Քորոնա» ժահրին բնորոշ ախտանշաններ ունեցած են ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment